Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Արգիլած Է Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Հայաստան

ԱԱԾ-ն Արգիլած Է Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Հայաստան

by MassisPost

Ֆրանսայի Հայկական Ընկերութիւնները Համակարգող Խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլուած է: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջով յայտնած է ինքը` Փափազեանը. «Ցաւով կը տեղեկացնեմ, որ երէկ ինծի արգիլուած է մուտք գործել Հայաստան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով` Հայաստանի մէջ կը համարուիմ անցանկալի անձ»:

Փափազեան յայտնած է, որ տարակուսած է ՀՀ իրաւապահներու կայացուցած նման որոշման առնչութեամբ` յիշեցնելով, որ ինք Հայաստանի, հայութեան համար տասնամեակներով կը պայքարի արտերկրի մէջ:

Դաշնակցական գործիչը հայութեան եւ Հայաստանի համար իր մատնանշած պայքարը դրօշակ դարձնելէ առաջ կը մոռնայ իր կողմէ Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած խուլիկանական գործողութիւններուն մասին, որոնք ուղղուած եղած են Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ պաշտօնական այցերու ժամանակ:

Մէկ տարի առաջ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Ֆրանսա կատարած այցի ժամանակ Փափազեանի համակարգմամբ դաշնակցական երիտասարդները Փարիզի մէջ խուլիկանական յարձակում կազմակերպել Փաշինեանին ուղեկցող շարասիւնին վրայ` իրեր նետելով եւ վնասելով ինքնաշարժներուն: Յիշեալ այցին ժամանակ Փափազեանի ղեկավարմամբ ամէն ինչ կատարուած է` տապալելու պաշտօնական հանդիպումները, եւ ստեղծելու տպաւորութիւն, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքը չէ ընդունած Փաշինեանի պատուիրակութիւնը:

Հայաստանի ղեկավարին գլխաւորած պատուիրակութեան դէմ ակնյայտ յարձակողական եւ բռնի գործողութիւններ հրահրող եւ կազմակերպող գործիչը անկախ իր անցած ճանապարհէն թերեւս պէտք է գիտակցի, որ այդ գործողութիւնները կ’առնչուին երկրին եւ անոր ղեկավարներուն անվտանգութեան հետ եւ չեն կրնար անհետեւանք մնալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment