Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զախարովա Յայտնած Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Ռուսիոյ Անփոփոխ Աջակցութեան Մասին

Զախարովա Յայտնած Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Ռուսիոյ Անփոփոխ Աջակցութեան Մասին

by MassisPost

Ռուսիան անփոփոխ կերպով կ’աջակցի Հայաստանի  եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, որ սկսած է Յունուար 14-ին Մոսկուայի մէջ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: Այս մասին հերթական ճեպազրոյցին ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մենք պատրաստ ենք հետագային եւս ամէն կերպ աջակցելու հայ-թրքական երկխօսութեան` մեկնելով անկէ, որ այդ կը բխի տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման շահերէն», նշած է Զախարովան` եւս մէկ անգամ յիշեցնելով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ռուսական կողմին ջանքերը երկար տարիներու պատմութիւն ունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment