Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոստիկանութեան Զօրքերը Երկիրը Ապօրինի Ոտնձգութիւններէ Պաշտպանելու Գործառոյթը Կատարած Են Ճշգրտօրէն. Փաշինեան

Ոստիկանութեան Զօրքերը Երկիրը Ապօրինի Ոտնձգութիւններէ Պաշտպանելու Գործառոյթը Կատարած Են Ճշգրտօրէն. Փաշինեան

by MassisPost

Ոստիկանութեան զօրքերու, Ոստիկանութեան` ընդհանուր առմամբ, գործառոյթը երկիրը, ժողովուրդը ապօրինի ոտնձգութիւններէ պաշտպանել է, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` արձանագրելով, որ այս գործառոյթը կատարուած է բարձր մակարդակով եւ ճշգրտօրէն:

Վարչապետը Ոստիկանութեան զօրքերու գլխաւոր վարչութիւն այցելած էր` զօրքերու կազմաւորման 30-րդ տարեդարձին առիթով:

Ոստիկանութիւնը, ինչպէս որեւէ պետութեան, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան ողնաշարն է, Ոստիկանութեան զօրքերն ալ Ոստիկանութեան ողնաշարը, ըսած է գործադիրի ղեկավարը:

Ան շեշտած է, որ Ոստիկանութիւնը, Ոստիկանութեան զօրքերը` մասնաւորապէս, անընդհատ եւ հետեւողականօրէն ցոյց կու տան իրենց ամրութիւնը, իրենց վճռականութիւնը, հաստատակամութիւնը եւ նուիրուածութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւակարգին, Սահմանադրութեան եւ ժողովուրդին եւ սա գնահատանքի արժանի ծառայութիւն է:

Ընդգծելով, որ ոլորտի բարեփոխումներու շատ կարեւոր ճանապարհ պիտի անցնին` գործադիրի ղեկավարը ըսած է, որ այդ բարեփոխումներու կարեւորագոյն եւ անկիւնաքարային դրոյթներէն մէկը պիտի ըլլայ Ոստիկանութեան եւ Ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողներու ընկերային երաշխիքներու հարցը:

«Այդքան գնահատելի ծառայութիւն իրականացնող մարդիկ եւ նրանց ընտանիքները պիտի ունենան ընկերային որոշակի, վստահելի երաշխիքների համակարգով ապահովուածութիւն: Նոյնը վերաբերում է մեր իրաւակարգին, պետական կարգի, անվտանգութեան ապահովման բոլոր ծառայութիւններին: Մենք հետեւողականօրէն գնալու ենք այս ճանապարհով», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment