Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այս Պահի Դրութեամբ 1754 Զինուոր Ապահովուած Է Բնակարանով, 1188-ը Հերթագրուած Են

Այս Պահի Դրութեամբ 1754 Զինուոր Ապահովուած Է Բնակարանով, 1188-ը Հերթագրուած Են

by MassisPost

Վերջերս Կառավարութեան նիստերէն մէկուն յայտարարուեցաւ, որ ռազմական հիմնարկներու շրջանաւարտները պետութենէն պիտի ստանան բնակարաններ: Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան մանրամասնութիւններ յայտնած է` նշելով, որ 2022 թուականի ուսումնական տարուընէ ռազմաուսումնական հաստատութիւններ ընդունուող եւ աւարտող շրջանաւարտները նշանակման պահէն սկսեալ պետութեան կողմէ պիտի ստանան բնակարան: Փոխարէնը շրջանաւարտ-սպաները կը պարտաւորուին 20 տարի սպայական ծառայութեան անցնիլ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ: Բնակարանները սպաներուն պիտի տրամադրուի բոլոր իրաւունքներով` բացի վաճառելէն: Միայն 20 տարի անց վերջիններս պիտի ստանան նաեւ բնակարաններու սեփականութեան իրաւունք:

Civic.am-ը հարցում ուղարկած էր Պաշտպանութեան Նախարարութիւն, խնդրած էր տեղեկութիւններ տալ, թէ մինչեւ այս պահը քանի՞ սպայ ապահովուած է բնակարանով, եւ դեռ քանի՞ հոգիին նկատմամբ պետութիւնը ունի նման պարտաւորութիւն: Հարցման ի պատասխան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ներկայացուցած է այդ տուեալները` նշելով, որ մինչ այս պահը, ըստ Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորներու ընկերային պաշտպանութեան վարչութեան մէջ առկայ ելեկտրոնային տուեալներուն, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ ծառայողական բնակելի ֆոնտի կառուցման, ինչպէս նաեւ վերանորոգման հետեւանքով Պաշտպանութեան Նախարարութեան բնակարանային հաշուառման հերթացուցակին մէջ ընդգրկուած բնակարանային մակերեսի կարիքաւոր թիւով 1754 զինուորի յատկացուած են ծառայողական բնակարաններ: Այս տարուայ Յունիս 16-ի դրութեամբ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան համակարգին մէջ բնակարանային հաշուառման հերթացուցակին մէջ ընդգրկուած են 1188 զինուոր:

Նոր նախագիծը, որ կը վերաբերի ռազմական հաստատութիւններու շրջանաւարտները բնակարաններով ապահովելուն, ըստ նախարար Սուրէն Պապիկեանի, պիտի մեծացնէ գրաւչութիւնը ռազմական ուսուցման նկատմամբ, բացի անկէ, սպաները երաշխիքներ պիտի ունենան, որ բնակարանային խնդիրներ պիտի չունենան, ինչպիսիք ունին գործող սպաներէն շատերը: Կառավարութիւնը նախագիծը հաւանութեան արժանացուցած է եւ ներկայացուցած է Ազգային Ժողովին:

Գործող սպաները բնակարաններով ապահովելու հարցը կը գտնուի Պաշտպանութեան Նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին, եւ գերատեսչութիւնը` նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորութեամբ, որդեգրած է քաղաքականութիւն, համաձայն որուն` Զինուած Ուժերու սպայական անձնակազմը բնակարանային խնդիրներ պէտք է չունենայ, պետութիւնը պիտի հոգայ բոլորին բնակարանային կարիքները:

Բնակարաններուն մակերեսները մեծ պիտի ըլլան` հաշուի առնելով նաեւ զինուորներու ընտանիքներուն հետագայ  հնարաւոր աճը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment