Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութիւնը Բազմաթիւ Սխալներ Թոյլ Տուած Է․ Քաղաքական Մեկնաբաններ

Ընդդիմութիւնը Բազմաթիւ Սխալներ Թոյլ Տուած Է․ Քաղաքական Մեկնաբաններ

by MassisPost

Ընդդիմութեան շարժման հրապարակայնօրէն բարձրաձայնուած նպատակներէն որեւէ մէկը կարծես թէ չէ իրականացած, ըսաւ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանը:

Պատալեանի կարծիքով` ընդդիմութիւնն ալ շատ լաւ կը պատկերացնէր փողոցային այդպիսի մեթոտաբանութեամբ իշխանափոխութեան հասնելու անհնարինութիւնը` առաջին հերթին նոյնինքն հանրային բաւարար աջակցութեան բացակայաութեան պատճառով:

«Փողոցում մենք տեսնում էինք ոչ միայն ընդդիմութիւն-իշխանութիւն պայքարի, այսպէս ասենք, տրամաբանութիւն եւ գործընթաց, այլ նաեւ ներընդդիմադիր տարբեր մօտեցումների եւ տարբեր յաւակնութիւնների դրսեւորում, եւ որոշակիօրէն նաեւ մրցակցութիւն` չնայած մէկ ձեւաչափի մէջ գործընթացներին: Կարծում ենք կային արտաքին որոշակի շարժառիթներ եւ մոթիվներ», ըսաւ քաղաքական մեկնաբանը:

Հայաստանեան ներկայիս ընդդիմութիւնը պարզապէս չէ հասկցած, թէ ինչպէս տեղի կ’ունենան իշխանափոխութիւնները, յեղափոխութիւնները, ըսաւ քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեանը` շեշտելով, որ ընդդիմութիւնը իր քայլերուն մէջ բազմաթիւ սխալներ թոյլ տուած է:

«Նրանք վերցրել են այդ գործընթացի միայն մի բաղադրիչը` արհեստագիտութիւնները: Ակնյայտ էր, որ միայն արհեստագիտութիւններով յաջողութեան հասնելը բաւականին դժուար է լինելու: Երկրորդ սխալը, որ նրանք թոյլ են տուել, դա այն ժամանակահատուածն է, որ նրանք որոշել են սկսել այդ շարժումը․ այն հանգամանքը, որ նրանք ընտրել են Նիկոլ Փաշինեանի Ապրիլի 13-ի ելոյթը որպէս իրենց շարժման սկիզբ առնելու ժամանակահատուած, կածում եմ, սխալ է եղել, որովհետեւ, եթէ դու խօսում ես ինչ-որ արհաւիրքների մասին, սակայն այդ արհաւիրքները նոյնիսկ տեսականօրէն մօտ ապագայում դժուար թէ ինչ-որ կերպ իրականանան, պարզ է, որ ինչ-որ լուրջ հասարակական զօրաշարժի չես կորողանալու հասնել: Ընդհանուր առմամբ, ի հարկէ բազմաթիւ սխալներ են թոյլ տուել եւ բազմաթիւ, օրինակ, ոչ հռչակաւոր դէմքերի հանրային դաշտում երեւալը, որոնք ի սկզբանէ պիտի վանէին նոյնիսկ այն մարդկանց, որոնք կարող էին հակուած լինել միանալ այդ շարժմանը», ըսաւ Գրիգորեան:

Իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին իմփիչմընթ յայտնելու մասին ընդդիմութեան յայտարարութիւնը, ըստ քաղաքագէտին, երես փրկելու եղանակ էր: «Իրենք վաղուց երեւի հասկանում էին, որ շարժումը լճացման մէջ է գտնւում եւ որեւէ լուրջ զարգացումներ տեղի չեն ունենալու, եւ պարզապէս այս յայտարարութեամբ փորձել են իրենց երեսը փրկելու միջոցով դուրս գալ այս գործընթացից եւ այլ գործընթացների մէջ մտնել», ըսաւ Տիգրան Գրիգորեանը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment