Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պատրաստ Է Շարունակելու Համագործակցութիւնը Մինսքի Խումբին Մէջ` Յանուն ԼՂ Խնդիրի Կարգաւորման. ԱՄՆ Պետական Փոխքարտուղար

ԱՄՆ Պատրաստ Է Շարունակելու Համագործակցութիւնը Մինսքի Խումբին Մէջ` Յանուն ԼՂ Խնդիրի Կարգաւորման. ԱՄՆ Պետական Փոխքարտուղար

by MassisPost

Չնայած Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգները խզած է յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, սակայն Ղարաբաղի հարցով պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ` յանուն խնդիրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման, յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտը:

Երեւան ժամանելէ առաջ Պետական Քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան հանդիպումներ ունեցած էր Վրաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ:

Քերըն Տոնֆրիտ յայտնեց որ ԱՄՆ կը շարունակէ ըսել, որ մենք կ’աջակցինք Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացին: Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ այդ շատ կարեւոր ձեւաչափ է` յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ: Եւ կարեւոր է, որ մենք տարբեր ձեւաչափեր պահպանենք` փորձելով յառաջ տանիլ խաղաղութիւնը: Եւ մենք պիտի շարունակենք այդ ընել յառաջիկային:

Պետական փոխքարտուղարը տեղեկացուց, որ Մինսքի խումբի թեման բարձրացուցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ իր հանդիպման ընթացքին, այլ մանրամասնութիւններ, սակայն, չփոխանցեց:

Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններէն յետոյ, ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսած էր, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու լաւ հեռանկար կայ:

Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Պրիւքսէլը «կապ չի հաստատեր Մոսկուայի հետ եւ միտք ալ չունի»:

Նոյնը ան կրկնեց նաեւ Երեւանի մէջ` ընդգծելով. «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու այդ գործընթացին. մենք շատ կը փափաքինք օգտակար ըլլալ: ԱՄՆ-ն նաեւ անդամ է Մինսքի խումբի համանախագահութեան, որ կարեւոր դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Եւ մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ գործընթացին: Մենք կը տեսենք, որ Եւրոմիութիւնը եւս կարեւոր դեր կը խաղայ: Այնպէս որ, ես կը զգամ, որ սա հնարաւորութիւններու պահ է տարածաշրջանին համար, եւ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի օգնենք Հայաստանին խաղաղութեան հասնելու համար»:

Իսկ արդեօ՞ք հնարաւոր է հասնիլ տեւական խաղաղութեան, երբ Ատրպէյճանի նախագահը պարբերաբար կը վերադառնայ ռազմատենչ հռետորաբանութեան, կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին ու տասնեակ հայեր կը պահէ Պաքուի բանտերուն մէջ, Քերըն Տոնֆրիտ  կը կարծէ, թէ կարեւոր է, որ բոլորս մտածենք, թէ ինչ հռետորաբանութիւն կ’օգտագործենք: Անկասկած, բառերը կարեւոր են: Այնպէս որ, մենք պէտք է ուշադիր ըլլանք զանոնք օգտագործած ժամանակ: Ան կը կարծէ, որ գործողութիւնները նոյնպէս կարեւոր են: Բայց եթէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաշտեցման ուղղութեամբ յառաջընթաց պէտք է ըլլայ, ապա կասկած չկայ, որ մարդիկ պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց խօսքերուն նկատմամբ եւ հետեւին իրենց գործողութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment