Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բանակցութիւններ Կ’ընթանան. Դաւիթ Պապայեանը` Փառուխի Խնդիրին Մասին

Բանակցութիւններ Կ’ընթանան. Դաւիթ Պապայեանը` Փառուխի Խնդիրին Մասին

by MassisPost

Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժի ներխուժումէնմօտ 3 ամիս անց դեռ բանակցութիւններ կ’ընթանան` ատրպէյճանցի զինուորականները ելման դիրքեր վերադարձնելու համար: Այս մասին յայտնեց Արցախի արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Պապայեանը:

Պաշտօնեան, սակայն, չյստակացուց, որ բանակցութիւններն որո՞նց միջեւ կ’ընթանան` ռուսական խաղաղապահներուն եւ Պաքուի՞, թէ՞ այլ ձեւաչափով, եւ արդեօք այս ընթացքին որոշակի արդիւնքներ արձանագրուա՞ծ են: Աւելի շուտ Ստեփանակերտէն յայտնած էին, որ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ կ’ընթանան բանակցութիւնները:

«Բանակցութիւններն ընթանում են: Մենք պէտք է հասկանանք, որ ի դէմս Ատրպէյճանի, այո՛, մենք ունենք երկիր, որն ատում է հայերին, բայց նաեւ շատ բան ունենք սովորելու իրենցից, առաջին հերթին, շատ յամառ, շատ կազմակերպուած ձեւով մօտենում են եւ այդքան հետ չէ»,  ընդգծեց Պապայեանը:

Անցեալ շաբաթավերջին, Ռուսիոյ մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած էր Փառուխի դէպքերուն: Ան յայտնած էր, որ ռուսական կողմը ընդունած է, որ թերացած է իր խաղաղապահ առաքելութիւնը իրականացնելու: Պապայեան ճիշդ չի համարեր մեղադրանքի սլաքները ռուսական կողմին վրայ ուղղելը: Արցախի արտաքին գործերու նախարարը համոզուած է, որ Փառուխի մէջ կատարուածը հարուած էր ոչ միայն Արցախին, այլեւ` ռուս խաղաղապահներուն:

«Փառուխի դէպքը եղել է ահաբեկչութիւն, հարուած ե՛ւ մեզ, ե՛ւ խաղաղապահ առաքելութեանը, եւ դա անպատասխան չի մնալու` կապ չունի` երբ, որտեղ, բայց ընդհանրապէս ահաբեկչութիւնը չպէտք է անպատասխան մնայ», ընդգծեց Արցախի արտաքին գործերու նախարարը:

Գիւղացիները Փառուխ չեն կրնար վերադառնալ, չնայած կը յայտարարուի, որ գիւղը ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ է: Փառուխի հարեւանութեամբ գտնուող Խրամորթի մէջ ալ միայն տղամարդոց մէկ մասը մնացած է, որոշ գիւղացիներ կ’երթան-կու գան, կ’ըսէ գիւղապետ Զօրիկ Աբրահամեանը: Ըստ անոր, խրամորթցի տղամարդիկ հիմա գիւղատնտեսական աշխատանքներով կը զբաղին:

«Ներկայ դրութեամբ տղամարդիկ աշխատում են իրենց առօրեայ կեանքով, աշխատում են այգիներում: Երկու օր սրանից առաջ 13 հատ ջերմոց են տեղադրել գիւղում եւ 60 հատ էլ պատուիրել ենք: Մեծամասնութիւնը ժողովրդի դեռ չի վերադարձել», ըսաւ Աբրահամեանը:

Դաւիթ Պապայեանը, որ Երեւանի մէջ էր իր գիրքի շնորհահանդէսին համար, նաեւ անդրադարձաւ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ ընդդիմութեան ու իշխանութեան յայտարարութիւններուն, վերստին հաստատելով, որ պաշտօնական Ստեփանակերտին համար անընդունելի է Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ: Փաշինեանի կառավարութենէն արդէն քանի ամիս է կը յայտարարեն, որ նախ պէտք է արցախահայերուն իրաւունքները բարձրացուի, յետոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը:

«Մեզ համար պարզ է, որ նախեւառաջ բարդ է լինելու շուտափոյթ կարգաւորման հասնել, բայց նաեւ կարմիր գիծ է, որ Ատրպէյճանի հետ մենք որեւէ ձեւով…. չենք կարող լինենք նրանց կազմում կամ նրանցից կախուած ինչ-որ տեղ», ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:

Պապայեանը Ատրպէյճանի կազմին մէջ արցախցիներու իրաւունքները համեմատեց համակեդրոնացման ճամաբարներուն մէջ հրեաներու իրաւունքներուն հետ:

«Այնտեղ պահուող խեղճ ու կրակ մարդիկ ունէին ե՛ւ իրաւունքներ, ե՛ւ ազատութիւններ. ունէին իրաւունք քնելու մէկ ժամ, ունէին իրաւունք քայլելու, ազատ էին իրենց բարաքներում մահճակալի մէջ պառկած աջ կամ ձախ կողմին պառկել: Սա էլ է իրաւունք եւ ազատութիւն: Ատրպէյճանում դրանից էլ վատ է լինելու», ըսաւ Պապայեանը:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը Ղարաբաղեան հակամարութեան կարգաւորումը կը շարունակէ տեսնել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ, կ’ըսէ Պապայեանը: Արցախի արտաքին գործերու նախարարին կարծիքով` Մինսքի խումբը չէ չէզոքացուած, սակայն սառեցման փուլի մէջ է. «Հասկանալով, որ հիմա կայ խնդիր Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ` յարաբերութիւնները լարուած են, շիկացած, դրա համար կարծես թէ միասնական չեն հանդիպում, բայց առանձին-առանձին էլի իրենց պարտականութիւնները իրականացնում են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment