Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բարեկամութիւնը Կը Պարտաւորեցնէ Խորացնել Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար ՀՀ-Յունաստան Փոխգործակցութիւնը. Խարտալիաս

Բարեկամութիւնը Կը Պարտաւորեցնէ Խորացնել Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար ՀՀ-Յունաստան Փոխգործակցութիւնը. Խարտալիաս

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Նիքոս Խարտալիասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատած է պաշտպանական ոլորտին մէջ հայ-յունական համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ կարեւորած է յատկապէս ռազմատեխնիկական ուղղութեամբ փոխգործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

Նիքոս Խարտալիասը հաստատած է համագործակցութիւնը զարգացնելու յունական կողմի պատրաստակամութիւնը եւ նշած, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները կը պարտաւորեցնեն աւելի խորացնել փոխգործակցութիւնը` առկայ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու նպատակով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը եւ առկայ սպառնալիքները:

Նոյն օրը Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի գլխաւորած պատուիրակութեանը ընդունած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Բրուտեանը: Քննարկուած են ռազմատեխնիկական բնագաւառին մէջ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment