Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Լաւագոյն Շահէն Կը Բխի, Որ Երեխային Մասնակցութիւնը Հաւաքներուն Չօգտագործուի Մեծահասակներուն Կարծիքը Արտայայտելու Համար. ՄԻՊ

Լաւագոյն Շահէն Կը Բխի, Որ Երեխային Մասնակցութիւնը Հաւաքներուն Չօգտագործուի Մեծահասակներուն Կարծիքը Արտայայտելու Համար. ՄԻՊ

by MassisPost

Տեսակէտը, թէ երեխաները որեւէ կերպ չեն կրնար հաւաքներու մասնակցիլ, թիւր է, երեխաներուն` գիտակցուած, տեղեկացուած հաւաքներուն մասնակցութեան իրաւունքը կը բխի լաւագոյն շահէն, բայց նաեւ լաւագոյն շահէն կը բխի, որ երեխաներուն մասնակցութիւնը չօգտագործուի մեծահասակներու կողմէ իրենց կարծիքը արտայայտելու համար: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեանը Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին «Հայաստանի Հանրապետութեան 2021թ. պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան քննարկման ընթացքին:

ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան ընդգծեց, որ Յունիս 1-ը երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն էր: «Ցաւօք սրտի, տեսանք նաեւ դէպքեր, երբ ատելութեան խօսքը կարող է արտաբերուել նաեւ երեխաների շուրթերով, որը կարծում եմ, որ պատասխանատու չէ եւ դատապարտելի է», ըսաւ Արշակեան ու խնդրեց ՄԻՊ-ին, որ այդ հարցերը անոր ուշադրութենէն չվրիպին, համապատասխան արձագանգ ստանան:

Ան յաւելեց, որ պէտք  է հետեւողական ջանքեր գործադրեն, որ երեխաները չօգտագործուին ատելութեան խօսքի քարոզի մասով:

ՄԻՊ-ը նշեց, որ երեխաներուն եւ երիտասարդներուն հետ իր շփումներուն շնորհիւ լաւ հիմք կը տեսնէ, երեխաները իրենց իրաւունքներու վերաբերեալ տեղեկացուած են, պահանջատէր ու խիզախ` առաջարկները ներկայացնելու առումով: Յառաջիկային պիտի յայտարարեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանին առընթեր երեխաներու եւ երիտասարդութեան խորհուրդ ձեւաւորելու նախաձեռնութեան մասին, պիտի ըլլայ ընտրութեան գործընթաց:

«Ծաղիկներից, փուչիկներից անդին երեխաների իրաւունքները բոլորի կողմից պէտք է գիտակցուած պաշտպանուեն: Ձեր կողմից վկայակոչուած դէպքը չի վրիպել նաեւ մեր վերահսկողութիւնից: Այսօր մենք յայտարարութիւն ենք տարածել, օգտուել ենք բացուած օրակարգից` մէկ անգամ եւս յիշեցնելու երեխայի լաւագոյն շահի մասին: Եւ մեր յայտարարութեան մէջ յստակ ենք ասել, որ երեխաների կարծիքի ազատ արտայայտման, գիտակցուած, տեղեկացուած հաւաքներին մասնակցութեան իրաւունքը, այո՛, բխում է լաւագոյն շահից: Բայց նաեւ պէտք է հասկանանք, որ այդ լաւագոյն շահից է բխում, որ երեխաների մասնակցութիւնը չօգտագործուի մեծահասակների կողմից իրենց կարծիքը արտայայտելու համար: Այսինքն` դա պէտք է լինի երեխայի տարիքին, հասունութեանը համապատասխան տեղեկացուած, գիտակցուած մասնակցութիւն», ըսաւ Գրիգորեանը:

ՄԻՊ-ը շատ կարեւորեց տեղեկացուած ըլլալու մասը: «Նման գործողութիւններին երեխաների մասնակցութիւնը ցաւալիօրէն բերում է նրանց թիրախաւորման», նշեց ամ:

Պատգամաւոր Գէորգ Պապոյեանն ալ յաւելեց. «Վերջերս ընկերային ցանցերում յայտնի հոլովակ կար, մասնաւոր մանկապարտէզներից մէկի սաներին` 4-5 տարեկան երեխաների, իմ տպաւորութեամբ, կազմակերպուած հանել էին դուրս, եւ երեխաները արտաբերում էին բառեր, որոնցից իրենք ակնյայտօրէն չեն հասկանում: Չի կարող 4-5 տարեկան երեխան հասկանալ, եզրակացութիւններ անել դրա մասին եւ գոռալ: Դա դասական ատելութեան խօսքի տարածումն էր` 4-5 տարեկան երեխաների կողմից»:

Պատգամաւորը նշեց, որ, եթէ ինքը ծնող ըլլար ու իր երեխան այդ կերպ օգտագործէին, ինք դատի կու տար: Ան հետաքրքրուեցաւ, թէ այդ հարցով ՄԻՊ-ն ու պետութիւնը ի՞նչ ունին ընելու:

ՄԻՊ-ը ըսաւ, որ կ՛իրականացնեն ընկերային կայքերու եւ մամուլի մշտադիտարկում եւ պատգամաւորին նշած դէպքը նոյնպէս տեսած են: Եւ յաջորդ օրուայ իրենց յայտարարութեամբ անդրադարձած էին երեւոյթին, առանձնազրոյցներ ունեցած էին նաեւ տուեալ հաստատութեան հետ: «Մենք մեր նախաձեռնութեամբ էինք սկսել ուսումնասիրել հարցը, որովհետեւ ամենավտանգաւոր բանը, որ տեսել էինք, այն էր, որ երեխաները, ում հնարաւոր էր նոյնականացնել այդ տեսանիւթի մէջ, ուղղակիօրէն դարձել էին թիրախաւորման եւ ատելութեան խօսքի առարկայ: Մենք, ի դէպ, հիմքեր չունէինք պնդելու կամ մտածելու, որ դա կազմակերպուած էր եղել, դա էին վկայում  մեր խօսակցութիւնները հաստատութեան հետ: Բայց ակնյայտ էր, որ երեխաները խաղի տրամաբանութեամբ ուղղակի կրկնում էին ինչ-որ բաներ, որոնց մասին իրենց տարիքին, առերեւոյթ հասունութեան մակարդակին համահունչ չէին կարող գիտակցել դրա ամբողջ էութիւնը, իմաստը: Կամ երէկուայ միջոցառման ժամանակ բացասական քաղաքական լոզունգն ուղղակի երեխաների կողմից վերցուել էր սրտիկի մէջ, ակնյայտ է, որ երեխաները չեն հասկանում դրա էութիւնը», ըսաւ ան:

Իսկ թէ ի՞նչ է պէտք ընել` Գրիգորեան ըսաւ, որ երեխային ծնողները, խնամակալները, դաստիարակները, ուսուցիչները, այսինքն` օրէնքով երեխային համար պատասխանատու բոլոր անձերը պարտաւոր են առաջնորդուիլ երեխային շահով: Անոր խօսքով` Սահմանադրութեամբ, ազգային օրէնսդրութեամբ երեխային իրաւունքները յստակ սահմանուած են: «Իրաւունքներ, բայց նաեւ ծնողների, մեծահասկաների համար` պարտականութիւններ: Բնականաբար իւրաքանչիւր ծնող օրէնսդրութեամբ նախատեսուած լիազօրութեամբ, նաեւ գիտակցմամբ կարող է ձեռնարկել միջոցներ», ըսաւ ան:

Ըստ ՄԻՊ-ի` այդ հարցով ընելիք ունի նաեւ պետութիւնը. նախակրթական, կրթական, հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ, նաեւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ իրազեկել, հասցնել այս գիտելիքը իրաւունքներու վերաբերեալ: «Շատ դէպքերում ես տեսնում եմ, որ կան կանխակալ կարծիքներ, որ երեխաները որեւէ կերպ հաւաքներին չեն կարող մասնակցել կամ երեխաների որեւէ տեսակ մասնակցութիւնն է արգելուած, սա նոյնպէս թիւր պատկերացում է: Բայց կարեւոր է հասցնել նաեւ ծնողներին, որովհետեւ ծնողավարութիւնը շատ կարեւոր առաքելութիւն է», ըսաւ ՄԻՊ-ը:

ՄԻՊ-ը միակ պետական հաստատութիւնն է, որուն երեխաները կրնան դիմել ուղիղ` առանց ծնողներու, խնամակալներու օգնութեան: Գրիգորեանը իրենց ընելիքը կը տեսնէ նաեւ համակարգային այս տեսակ խնդիրները բարձրացնելու եւ քննարկումներ ունենալու առումով Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն հետ` հասկնալու, թէ կրթութեան տարբեր մակարդակներու մէջ ինչպէս կ’ապահովեն, որ այդ իրազեկումը տեղ հասնի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment