Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութիւնը Մտադիր Է Երթալ Խորհրդարան, Բայց Ոչ Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Օրակարգով

Ընդդիմութիւնը Մտադիր Է Երթալ Խորհրդարան, Բայց Ոչ Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Օրակարգով

by MassisPost

Մայիս 25-ին Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Դիմադրութիւն» շարժման առաջնորդներէն Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարած է, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յաջորդ շաբաթ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ պիտի հրաւիրեն:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները դիմած են Ազգային Ժողովի ղեկավարութեան` առաջարկելով ընդունիլ յայտարարութիւն` հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Նախագիծը արդէն դրուած է շրջանառութեան մէջ:

Ըստ յայտարարութեան` «Հայաստանի համար անընդունելի է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ վերջնական տարբերակ, որի արդիւնքում Արցախը կարող է յայտնուել Ատրպէյճանի կազմում: Պէտք է ապահովուի յուսալի ցամաքային կապ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ` բացառելով վերջինիս անկլաւային վիճակը»:

Յայատարարութեան հեղինակները վստահ են, որ յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին գերիներու եւ 2021-ի Մայիսէն Հայաստանի տարածք ներխուժման հարցը լուծելէ յետոյ:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, ըստ ընդդիմութեան, պէտք է բացառել որեւէ համաձայնութիւն, որ հարցականի տակ կը դնէ «հայ ժողովուրդի հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան իրողութիւնը»:

Փաստօրէն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիրները խորհրդարան կը վերադառնան այլ օրակարգով:

Աւելի առաջ, ընդդիմադիրներէն «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը յայտարարած, թէ ինք գործ չունի այն խորհրդարանին մէջ, ուր կը խօսուի «Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցման մասին», ինչպէս նաեւ նշած էր, որ «եթէ չյաջողին, Փաշինեանը մնայ վարչապետ, այլեւս խորհրդարան չի վերադառնար», իսկ Իշխան Սաղաթէլեանը ըսած էր, որ խորհրդարան պիտի վերադառնան «բացառապէս իրենց օրակարգով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment