Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Հիմնական Քննարկուող Թեմաներէն Մէկը Նաեւ Գերիներու Վերադարձն Էր․ Փաշինեան

Պրիւքսէլի Մէջ Հիմնական Քննարկուող Թեմաներէն Մէկը Նաեւ Գերիներու Վերադարձն Էր․ Փաշինեան

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ հիմնական քննարկուող թեմաներէն մէկը նաեւ գերիներու վերադարձը եղած է, Ազգային Ժողովին մէջ, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Գործադիրի ղեկավարին խօսքով` ե՛ւ Եւրոմիութեան, ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ե՛ւ Հայաստանի դիրքորոշումը այն է, որ օր առաջ գերեվարուածները պէտք է վերադարձուին:

Փաշինեանի խօսքով` Ատրպէյճանը աընդհատ կը փորձէ յաւելեալ պայմաններու հետ կապել գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձը: «Մենք համաձայն չենք այդ դիրքորոշման հետ, մեր դիրքորոշումը շարունակում է մնալ այն, որ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, բոլոր պահուող անձինք` ռազմագերիները, պատանդները պէտք է վերադարձուեն», ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը:

Փաշինեան նշեց, որ մինչ այս պահը հաստատուած 39 գերի կայ Ատրպէյճանի մէջ, որոնցից մէկը վերջերս մոլորուելով յայտնուած է ատրպէյճանցիներու վերահսկողութեան ներքոյ: «Մենք բոլոր հնարաւոր ջանքերը գործադրում ենք, ի դէպ, ամենաարդիւնաւէտ ձեւը միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը եւ ճնշումն ապահովելն է, որպէսզի մեր քաղաքացիներն օր առաջ վերադառնան հայրենիք», ըսաւ Գործադիրի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment