Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՄԻՊ-ը Ե՛ւ Ոստիկաններու, Ե՛ւ Ցուցարարներու Որոշ Գործողութիւններ Խնդրահարոյց Կը Համարէ

ՄԻՊ-ը Ե՛ւ Ոստիկաններու, Ե՛ւ Ցուցարարներու Որոշ Գործողութիւններ Խնդրահարոյց Կը Համարէ

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ոչ միայն ոստիկաններուն, այլ նաեւ ցուցարարներուն որոշ գործողութիւններ խնդրայարոյց կը համարէ: Վերջին 18 օրերուն Քրիսթինէ Գրիգորեանը նման բազմաթիւ դէպքեր արձանագրած է երկու կողմէն ալ:

«Իւրաքանչիւրով արձանագրել ենք դէպքեր, երբ բերման ենթարկելիս ոստիկանութեան կողմից անձանց նկատմամբ կիրառուել է անհամաչափ ուժ: Անհամաչափ իւրաքանչիւր առանձին դէպքում մենք վերլուծել ենք եւ իւրաքանչիւր առանձին դէպքում տեսել ենք` արդեօք ոստիկանութեան կողմից կիրառուած ուժն անհրաժեշտ նուազագոյնը գերազանցել է, թէ չէ` այդ պահին անհրաժեշտ նուազագոյնը», ըսաւ Գրիգորեանը:

Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, իր գրասենեակը արձանագրած է նաեւ գործողութիւններուն չմասնակցող քաղաքայիններու գոյքի վնասումներ, անոնց մարմնական վնասուածքներ հասցնելու դէպքեր այդ շարժումներու մասնակիցներուն կողմէ:

Քրիսթինէ Գրիգորեանի խօսքով` իրենց մշտադիտարկումը ցոյց տուած է, որ այդպիսի դէպքերը կ’աւելնան, յատկապէս, երբ ընդդիմութեան առաջնորդները չեն դատապարեր յստակ միջադէպերը:

«Շարունակւում ու ահագնանում են, երբ որ մենք չենք տեսնում նաեւ հաւաքի կազմակերպիչների եւ աշխոյժ դերակատարների կողմից ուղղակի դրանց դատապարտում: Մի բան է, երբ որ ընդհանուր առմամբ ասում ենք` «այո՛, մենք դատապարտում ենք բռնութիւնը», բայց մի բան է, երբ որ մենք յստակ դատապարտում ենք, ասում ենք` «սա դատապարտելի է` երրորդ անձանց նկատմամբ էս տեսակ սադրանքները», ըսաւ պաշտպանը:

Բացի ոստիկաններու ուժի անհամաչափ կիրառումէն, անհնազանդութեան գործողութիւններու ընթացքին ցուցարարները իրենք նաեւ բռնութիւն կը կիրառեն ոստիկաններուն նկատմամբ, կը հայհոյեն, կը քաշքշեն ոստիկաները, կը փորձեն ուսադիրները պոկել, կ’ըսէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Ոստիկանները բռնութեան ենթարկելու ու նաեւ ցուցարարներու նկատմամբ ոստիկաններու բռնութիւններու դէպքերով արդէն քրէական գործեր յարուցուած են: Չորս ցուցարարի մեղադրանք առաջադրուած է, երկուքը կալանաւորուած են:

Ոստիկանին հարուածելու կասկածանքով նախօրէին ձերբակալուած է նաեւ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Եուրի Խաչատուրովի որդին` Իկոր Խաչատուրովը: Իսկ ոստիկաններու գործողութիւններուն առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործերով դեռ որեւէ մեղադրեալ չկայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment