Home Uncategorized Երեւանի Եւ Պաքուի Առաջարկած Փաթեթները Պէտք Է Միացնել Եւ Սկսիլ Բանակցութիւններ․ ԱԽ Քարտուղար

Երեւանի Եւ Պաքուի Առաջարկած Փաթեթները Պէտք Է Միացնել Եւ Սկսիլ Բանակցութիւններ․ ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը յոյս ունի, որ ինչ-որ պահի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պիտի գան ընդհանուր յայտարարի` խաղաղութեան օրակարգին շուրջ: Այդ մասին յայտնեց Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` շեշտելով, որ խաղաղութեան օրակարգը չի կրնար միակողմանի ըլլալ:

Գրիգորեանը վերահաստատեց Երեւանի դիրքորոշումը` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջարկած փաթեթները պէտք է միացնել եւ անոր արդիւնքով սկսիլ բանակցութիւններ խաղաղութեան օրակարգի շուրջ:

Հարցը, ըստ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին, բարձրացուած է նաեւ Պրիւքսէլի մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ ալ եղած է ընկալում, որ պէտք է յառաջ շարժիլ:

«Այդ երկկողմ տրամաբանութեան մէջ պէտք է ներառուի այդ երկու առաջարկների փաթեթը, որը պէտք է միացնել եւ այդ օրակարգով յառաջ շարժուել», նշեց Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ որպէսզի կարենան արդիւնքի հասնիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment