Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Թոմ Տէ Վաալի` Պաքուն Ու Երեւանը Պատրաստ Են Նոր Ճանապարհային Քարտէզի, Այլ Ոչ Թէ Լիարժէք Խաղաղ Համաձայնագրի

Ըստ Թոմ Տէ Վաալի` Պաքուն Ու Երեւանը Պատրաստ Են Նոր Ճանապարհային Քարտէզի, Այլ Ոչ Թէ Լիարժէք Խաղաղ Համաձայնագրի

by MassisPost

Պաքուն ու Երեւանը կը բանակցին քանի մը ձեւաչափերով: Վերլուծաբաններն ու լրագրողները կը քննարկեն հայ-ատրպէյճանական խաղաղ գործընթացն ու անոր ապագան:

Մայիս 12-ին Տուշանպէի մէջ կայացաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը, ուր քննարկուեցան 2020-2021 թուականներու եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը: Ըստ Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան` հանդիպման ընթացքին «մտքեր են փոխանակուել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների եւ տնտեսական կապերի ապաշրջափակման, սահմանազատման, սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման պայմանագրի վերաբերեալ»:

Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ բանակցային այս գործընթացը կ’ընթանայ Մոսկուայի կողմէ Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծած արիւնալի պատերազմին եւ Արեւմուտքի հետ Ռուսիոյ հակադրութեան պայմաններու մէջ: Ուաշինկթընն ու Պրիւքսէլը եւս ներգրաւուած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներու մէջ: Յիշեցնենք, որ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ կայացած էր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն գագաթաժողովը: Բացի այդ, Տուշանպէ կատարած այցէն առաջ ՀՀ արտաքին գործեըրու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հայ-ատրպէյճանական գործընթացը քննարկած է Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, իսկ Մայիս 11-ին ԱՄՆ պետական քարտուղարը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հեռախօսազրոյցին ընթացքին, ու վերահաստատած է Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը աջակցելու, այդ շարքին ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահի դերով, կողմերուն միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման:

«The Washington Post»-ի սիւնակագիր, ամերիկահայ Տէյվիտ Իկնեշիուսը «Հայաստանի եւ անոր պատմական հակառակորդներ` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ» յարաբերութիւնները կարգաւորելու այս օրերու խաղաղ գործընթացը կ’որակէ «անհաւանականէ: Զարմանալին այն է, որ այս գործընթացին իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն թէ՛ ԱՄՆ-ն, եւ թէ՛ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, կը շեշտէ Իկնեշիուսը:

«The Washington Post»-ի հրապարակած իր յօդուածին մէջ սիւնակագիրը կը գրէ, որ «աշխարհը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ մէջ ընթացող բուռն մարտերուն վրայ, եւ Կովկասի մէջ դիւանագիտական խնդիրները կրնան ընկալուիլ որպէս կողմնակի ներկայացում»: Անոր հետ մէկտեղ, ըստ Իկնեշիուսի, անլուծելի այս հակամարտութիւններու կարգաւորման գործնթացին աջակցումը ոչ միայն կարեւոր է այդ երկիրներուն համար, այլ նաեւ կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ շահերէն` «ստեղծելով երկխօսութեան համար օգտակար խողովակներ»: Ան, սակայն, Ռուսիոյ նախագահ Փութինը կ’որակէ որպէս «անյուսալի միջնորդ», որ կը հետապնդէ իր սեփական շահը:

Ըստ Իկնեշիուսի` Հայաստանը դեռ չէ ապաքինած պատերազմէն յետոյ, որ հազարաւոր կեանքեր խլեց եւ մեծ վնասներ հասցուց երկրին: Ան կ’ընդգծէ, որ հարկադրուած խաղաղութենէն Հայաստանի համար լաւագոյն պաշտպանութիւնն է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին: Անոր համատեղ ջանքերու ուղիներէն մէկը պիտի ըլլար, ըստ սիւնակագիրին, Մինսքի Խմբակի վերածնունդը, որուն աշխատանքները այսօր կը պոյքոթէ Մոսկուան, կը նշէ ան` յիշեցնելով, որ «փոխարէնը, Եւրոպական Միութիւնը միացած է Ռուսիոյ Դաշնութեան որպէս բանակցութիւններու հովանաւոր»:

Քարնեկի հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս Տէ Վաալ կ’ընդգծէ, որ այսօր հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը ունի բոլորովին այլ դիւանագիտական ձեւաչափ: Մինսքի Խմբակի ձեւաչափը մեռած է, սակայն կարեւոր է պահպանել անոնր փաստաթղթային ժառանգականութիւնը,կը  գտնէ ան:

«Կարեւոր է պաշտօնապէս չյայտարարել այս ձեւաչափի մահուան մասին, քանի որ Մինսքի Խմբակը ունի որոշակի գործառոյթ: Այն ունի համատեղ յայտարարութիւններու պատմութիւն, այդ շարքին երեք նախագահներու` ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի: Այսպիսով, առկայ է փաստաթուղթերու ժառանգականութիւն` կապուած Մինսքի Խմբակին հետ, որ կարեւոր է չկորսնցնել», կը պնդէ Տէ Վաալը:

Անոր կարծիքով, այսօր Ռուսիոյ ու Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ ձեւաչափերը կ’ընթանան զուգահեռ, եւ Պրիւքսէլը չի ձգտիր փոխարինել Մոսկուայի գործընթացը:

«Այն, ինչ կը տրամադրէ Եւրոմիութիւնը, քիչ մը այլ բան է: Այն նոր խաղցող է, որուն, կը կարծեմ, յատկապէս դրական կը վերաբերի ատրպէյճանական կողմը: Այն կապուած չէ անցեալի հետ: Անոնք ազնիւ միջնորդներ են, որոնք չունին տարածաշրջանին մէջ մեծ օրակարգ, ինչպէս օրինակ ռուսերը կամ Թուրքիան եւ Իրանը», կը պնդէ Տէ Վաալը:

Ըստ վերլուծաբանին` հակամարտող կողմերը պատրաստ չեն այսօր լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագրի, այլ պատրաստ են նոր ճանապարհային քարտէզի, որ կրնայ ուժի չկիրառման երաշխիք դառնալ: Այդ յատկապէս կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան համար, կ’ըսէ ան:

Անդրադառնալով Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան` Տէ Վաալ կը գտնէ, որ ԱՄՆ-ն այսօր կը փորձէ աջակցիլ այս աւելի չէզոք արեւմտեան խաղաղ գործընթացին, որ, ըստ անոր, չի հակասեր Ռուսիոյ Դաշնութեան հիմնական նպատակներուն կամ 2020 թուակա Նոյեմբերի զինադադարի յայտարարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment