Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արարատ Միրզոյեանը Կարեւորած Է Խաղաղ Գործընթացի Յառաջմղումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Մանտաթի Ներքոյ

Արարատ Միրզոյեանը Կարեւորած Է Խաղաղ Գործընթացի Յառաջմղումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Մանտաթի Ներքոյ

by MassisPost

Մայիս 13-ին Տաճիկստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի նիստին:

Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ նեղ, այնուհետեւ ընդլայնուած ձեւաչափով կայացուած նիստի ընթացքին ԱՊՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, անդրադարձած են ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւններուն: Քննարկուած են կազմակերպութեան գործունէութեան հետագայ ուղղութիւնները:

Նիստի ընթացքին նախարար Միրզոյեան նաեւ անդրադարձ կատարած է Մայիս 12-ին տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու եռակողմ հանդիպման, յոյս յայտնելով, որ այն քայլ պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ: Ան վերահաստատած է ՀՀ յանձնառութիւնը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի ու Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:

Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է հայկական կողմի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման վերաբերեալ եւ այս առումով կարեւորած է խաղաղ գործընթացի յառաջմղումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ:

 

ԱՊՀ արտաքին գործերու նախարարները դիտարկած են ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ բազմամակարդակ խորհրդակցութիւններու 2021 թուականի ծրագրի մասին զեկոյցը, անդրադարձ կատարած են մասնակից պետութիւններու հիմնարար հետազօտութիւններու գերակայ ուղղութիւններուն վերաբերեալ գիտական նախագիծերու ցանկին: Համաձայնեցուած են «Մետաքսէ Ճանապարհ» զբօսաշրջութեան միջազգային համալսարանին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու կարգավիճակ շնորհելու մասին որոշումը եւ այլ փաստաթուղթեր: Ընդունուած է որոշում «ԱՊՀ երիտասարդական մայրաքաղաք» միջազգային նախագիծին վերաբերեալ, որուն նպատակն է ախշուժացնել ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու փոխգործակցութիւնը` երիտասարդութեան ներուժի խթանման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment