Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Զսպուածութեան Կոչ Կ’ընէ, Ընդդիմութեան` Զերծ Մնալ Բռնութիւններէն

Ուաշինկթընը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Զսպուածութեան Կոչ Կ’ընէ, Ընդդիմութեան` Զերծ Մնալ Բռնութիւններէն

by MassisPost

«Մենք լիովին կ’աջակցինք ազատ կամքի արտայայտման եւ խաղաղ հաւաքներու հիմնարար իրաւունքը: Կոչ կ’ընենք մարդոց իրենց կարծիքը արտայայտելու խաղաղ ձեւով: Իշխանութիւններուն կը յորդորենք զսպուածութիւն դրսեւորել, իսկ ցուցարարներուն` զերծ մնալ բռնութենէ եւ յարգել օրէնքի գերակայութիւնն ու Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը», յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

Ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ շարունակուող ընդդիմադիրներու բողոքի շարժումներուն անդրադարձած է լրագրողներէն մէկուն հարցին ի պատասխան:

Նետ Փրայսը յիշեցուցած է անցեալ շաբաթ Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած ռազմավարական երկխօսութեան մասին` յաւելելով, որ այդ քննարկումներուն մէջ կողմերը վերահաստատած են փոխադարձ հաւատարմութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment