Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանի Պաշտպանը Միջնորդեց Կաշառքի Գործով Առկայ Ապացոյցները Հետազօտել Դռնփակ Նիստով

Ռոպերթ Քոչարեանի Պաշտպանը Միջնորդեց Կաշառքի Գործով Առկայ Ապացոյցները Հետազօտել Դռնփակ Նիստով

by MassisPost

Մայիս 10-ին կայացաւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ու ՀՀ նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արմէն Գէորգեանի գործով հերթական դատական նիստը: Դատաւոր Աննա Դանիբեկեան նշեց, որ պաշտպանական կողմէն երեք միջնորդութիւն ստացուած է Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Արմէն Գէորգեանին ՀՀ-էն ժամանակաւոր բացակայելու թոյլտուութեան եւ նախաքննութեան ընթացքին քննիչ Հրաչեայ Մուշեղեանի հաւաքագրած ապացոյցները անթոյլատրելի ճանչնալու մասին:

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Գէորգեանը նշեց, որ իր բացակայութիւնը կը նախատեսուի Մայիս 17-20, որպէս ԵԽԽՎ պատգամաւոր:

Մեղադրող դատախազը նշեց, որ այս միջնորդութիւնները կը ներկայացուին այն միտումով, որ գործով ապացոյցներու հետազօտութեան փուլը հնարաւորինս ձգձգուի, հետեւաբար այդ միջնորդութիւններուն համար առանձին ժամանակահատուած պէտք է տրամադրուի: Եւ երբ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը կը պատրաստուէր անցնելու ապացոյցներու հետազօտութեան փուլ, Արմէն Գէորգեանի պաշտպան Լուսինէ Սահակեանը միջնորդեց դատարանին տրամադրել հինգ վայրկեան ընդմիջում իր ամբաստանեալին հետ դուրսը խորհրդակցելու համար, սակայն դատաւորը պահանջեց ներսը ցած ձայնով խորհրդակցիլ: Դատաւորին այդ խօսքէն յետոյ Արմէն Գէորգեանի պաշտպան Լուսինէ Սահակեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները առանց դատարանի թոյլտուութեան լքեցին նիստերու դահլիճը` խորհրդակցելու:

Պաշտպանները նիստերու դահլիճ վերադառնալուն պէս Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեանը միջնորդեց դռնփակ կայացնել դատական նիստը, եթէ դատարանը որոշած է այս պահին հետազօտել գործին մէջ առկայ ապացոյցները, եւ ընդգծեց, որ տուեալ միջնորդութիւնը քննարկուի դռնփակ, ինչ որ բաւարարուեցաւ դատարանին կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Արմէն Գէորգեանին մեղադրանք առաջադրուած է գործարար Սիլվա Համբարձումեանէն կաշառք վերցնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment