Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Են Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Եռակողմ Համագործակցութեան Ծրագրաւորման Խորհրդակցութիւններ

Տեղի Ունեցած Են Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Եռակողմ Համագործակցութեան Ծրագրաւորման Խորհրդակցութիւններ

by MassisPost

Մայիս 10-ին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ համագործակցութեան ծրագրաւորման խորհրդակցութիւններ:

Խորհրդակցութիւններուն մասնակցած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պաշտպանական Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Համագործակցութեան Վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի, Յունաստանի Ազգային Պաշտպանութեան Գլխաւոր Շտաբի Ռազմական Համագործակցութեան Ծրագրաւորման եւ Իրականացման Վարչութեան պետ, գնդապետ Սոկրատիս Սերվեսի, Կիպրոսի Ազգային Կվարտիայի Ռազմավարութեան եւ Քաղաքականութեան Վարչութեան պետ, գնդապետ Լուքաս Հաճիքոնսթանթինոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով իրականացուող ռազմական համագործակցութեան ծիրին մէջ նախորդ տարիներուն կատարուած աշխատանքները, քննարկուած են համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ միջազգային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պաշտպանական Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Համագործակցութեան Վարչութեան պետը ներկայացուցած է իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի մէջ, ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ ստորագրուած են 2022 թուականի Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ երկկողմ ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ռազմական համագործակցութեան գործողութիւններու ծրագիրը (Հայաստանի եւ Կիպրոսի երկկողմ ռազմական համագործակցութեան 2022 թուականի ծրագիրը ստորագրուած է 2021 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն):

Ստորագրուած փաստաթուղթերով կը նախատեսուին քանի մը տասնեակ միջոցառումներ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ, որոնք կը ներառեն մարտական պատրաստութեան միջոցառումներ յատուկ նշանակութեան ուժերու, խաղաղապահութեան, ռազմական բժշկութեան, ճարտարապետական եւ այլ ոլորտներուն մէջ, փորձի փոխանակում տարբեր մասնագիտական ուղղութիւններով, տեղեկատուութեան փոխանակում եւ ռազմական խորհրդակցութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment