Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Արդարդատութեան Նախարարութիւնը Գագիկ Խաչատրեանի Լոս Անճելըսի Մէջ Գտնուող Առանձնատունը Բռնագրաւելու Գործընթաց Սկսած է Դատարանին Մէջ

ԱՄՆ Արդարդատութեան Նախարարութիւնը Գագիկ Խաչատրեանի Լոս Անճելըսի Մէջ Գտնուող Առանձնատունը Բռնագրաւելու Գործընթաց Սկսած է Դատարանին Մէջ

by MassisPost

ԱՄՆ Դաշնային կառավարութիւնը դատարան հայց ներկայացուցած է՝ Լոս Անճելըսի հեղինակաւոր Հոլմպի Հիլզ թաղամասին մէջ գտնուող եւ ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող մեկա առանձնատունը բռնագրաւելու համար, որ, պնդման համաձայն, գնուած է փտածութեան գումարներով։

Ըստ ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ առանձնատունը ձեռք բերուած է Հայաստանի մէջ «փտածութենէն ձեւաւորուած եկամուտներով»։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ Երկուշաբթի Գալիֆորնիոյ Կեդրոնական շրջանի դատարանին մէջ ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը ներկայացուցած է հայց՝ յայտնելով, որ գործարար Սեդրակ Առուստամեանը, որ Գագիկ Ծառուկեանի «Մուլթի Կրուփ»-ի տնօրէնն է, Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր ընտանիքին աւելի քան 20 միլիոն տոլար կաշառք տուած է՝ իր առեւտրային ընկերութեան նկատմամբ բարենպաստ հարկային արտօնեալ պայմաններու դիմաց:

Gagik KhachatryanԳումարը վճարուած է Հայաստանի նախկին ելեւմուտքի նախարարին եւ անոր որդիներուն։ ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութեան բողոքին համաձայն՝ շքեղ առանձնատունը 2011-ին 14,4 միլիոն տոլարով գնուած է Գագիկ Խաչատրեանի եւ անոր երկու որդիներուն անունով։

Խաչատրեանը 2008-2014 թուականներուն եղած է ՀՀ ՊԵԿ նախագահը, իսկ 2014-2016 թուականներուն՝ ելեւմուտքի նախարարը։

Ըստ մեղադրանքին՝ այդ գումարին մէկ մասը ծախսուած է Հոլմպի Հիլզի առանձնատան գնման նպատակով։ ԱՄՆ Դաշնային կառավարութիւնը կը պնդէ, որ տունը ապօրինի գնուած է օտարերկրեայ պետութեան դէմ կատարուած յանցագործութենէն ստացուած հասոյթով, որ կը վերաբերի պետական պաշտօնեայի կաշառակերութեան:

Ըստ ՀՀ ԱԱԾ-ի մէջ 2020-ին յարուցուած քրէական գործին՝ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Մուլթի Կրուփ»-ի գլխաւոր տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանը աւելի քան 22 միլիոն տոլար տուած էր Խաչատրեանին՝ իր առեւտրային կազմակերպութիւններուն համար խոչընդոտներ չստեղծելու համար։ Գումարը, ըստ ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութեան, ուղղուած էր Լոս Անճելըսի մէջ առանձնատան գնման։ Առանձնատունը ներկայիս վաճառքի հանուած է 63,5 միլիոն տոլարով։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ առանձնատան հետ կապուած գործարքը հետաքննուած է Հետաքննութիւններու Դաշնային Բիւրոյի (FBI) Եւրասիական Կազմակերպուած Յանցաւորութեան Դէմ Պայքարի Խումբին (EOCTF) եւ ԱՄՆ Մարշալներու Ծառայութեան կողմէ: ՀՀ Գխաւոր Դատախազութիւնը եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը ցուցաբերած են առանցքային օգնութիւն։

Ֆրանսական նորմանտական ոճով այդ կալուածքը ունի 11 ննջասենեակ եւ 26 լոգարան, կը ներառէ լողաւազան, գինիի նկուղ, տնային շարժապատկերի սրահ եւ սպասուհիներու թաղամաս՝ ըստ անշարժ գոյքի ցուցակներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment