Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը Ուաշինկթընի Մէջ Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Ծերակուտականներ Մենենտեսի եւ Մաքքոնելի հետ

Միրզոյեանը Ուաշինկթընի Մէջ Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Ծերակուտականներ Մենենտեսի եւ Մաքքոնելի հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Պոպ Մենենտեսի, Ծերակոյտի հանրապետականներու ղեկավար Միթչ Մաքքոնելի հետ։

Միրզոյեանը Մենենտեսի հետ քննարկած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրադրութիւնը եւ տարածաշրջանային իրավիճակի հարցեր, ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ մարդասիրական իրավիճակը եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումը։ Այս ծիրին մէջ շեշտուած է Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան հրահրման անթոյլատրելիութիւնը։ Ընդգծուած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն ու քաղաքացիական պատանդներուն հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։

Mirzoyan-McConnell

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած վերջին զարգացումները։

Մաքքոնելի հետ հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան ընդգծած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ԱՄՆ միջնորդական ջանքերուն կարեւորութիւնը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահող պետութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment