Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կը Հանէ Հակահամաճարակային Շարք Մը Սահմանափակումներ

Հայաստանը Կը Հանէ Հակահամաճարակային Շարք Մը Սահմանափակումներ

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը կը հանէ Քովիտով պայմանաւորուած հակահամաճարակային շարք մը սահմանափակումներ` հաշուի առնելով երկրին մէջ հիւանդութեան կայուն վիճակը եւ աշխարհի մէջ համավարակի նուազման կշռոյթները:

Ըստ այդմ, Մայիս 1-էն Հայաստան մուտք գործողներէն PCR քննութեան եւ պատուաստման վկայագրերու պահանջ պիտի  չներկայացուի: Վերոնշեալ վկայագրերը պիտի չպահանջուին նաեւ Քրէակատարողական հիմնարկներուն եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուած ուժերուն մէջ` արձակուրդի մեկնելու կամ տեսակցութիւններու ժամանակ:

Վերացուեցաւ նաեւ դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն եւ այլ վայրերու մէջ միջոցառումներու ժամանակ 1․5 մեթր հեռաւորութիւն պահպանելու արգելքը, եւ աշխատանքի վայրին մէջ 7 օրը մէկ PCR քննութեան կամ պատուաստման վկայագիր ներկայացնելու պահանջը:

Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանի խօսքով` վերջին 14 օրուայ ընթացքին արձանագրուած է հիւանդութեան 144 դէպք, ինչ որ նախորդ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 33 տոկոսով: Ըստ նախարարին, վերջին ամսուայ ընթացքին կը նկատուի նաեւ մահուան դէպքերու կտրուկ նուազում, 14 օրուան ընթացքին ընդամէնը մէկ մահ արձանագրուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment