Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութեան Քայլերթի Մասնակիցները Ծեծած Են «Անտարես»-ի Ղեկավարը, Քրէական Գործ Յարուցուած Է

Ընդդիմութեան Քայլերթի Մասնակիցները Ծեծած Են «Անտարես»-ի Ղեկավարը, Քրէական Գործ Յարուցուած Է

by MassisPost

Ընդդիմութեան քայլերթի ժամանակ բռնութեան ենթարկուած «Անտարես» հրատարակչութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեանը կ’ենթադրէ, որ միջադէպին պատճառը յետպատերազմական իր գրառումներէն մէկն է, ուր խօսած էր Լեռնային Ղարաբաղին յարակից 7 շրջաններու վերադարձին մասին: Գրառումը այդ ժամանակ մեծ դժգոհութեան պատճառ դարձաւ:

«2020-ի դեկտեմբերեան գրառումս, որ Ղուպաթլին Հայաստանի տարածք չէ, ասել էի` ուրիշի տարածքից դուրս եկէք, մեր տարածքն ամրապնդենք: Նոյնը չի Ղուպաթլիի տարածքում գտնուելն ու Արցախի տարածքում գտնուելը, դրանք երկու մեծ տարբերութիւններ են: Արցախի ժողովուրդն ինքնորոշուել է, եւ նա ունի պետութիւն կառուցելու իրաւունք», կը նկատէ ան:

Մարտիրոսեանը կը պատմէ, որ իրեն տեսնելուն պէս ցուցարարները սկսած են հայհոյել ու շիշեր նետել: Տարածքին մէջ հանդիպման էր. «Սպասում էի, որ էդ մարդը գար, ու տեսայ, որ միթինկ է, մտքովս անցաւ, որ ինչ լաւ է, որ մարդիկ կարողանում են արտայայտել իրենց կարծիքը, ժամանակ կար` մեզ թոյլ չէին տալիս միթինկ. չէ՞ որ ես սրա համար պայքարել եմ, որ այս մարդիկ ձայնի իրաւունք ունեն: Երեւի ամբոխից ինչ-որ մարդիկ ճանաչեցին ինձ ու սկսեցին գոռալ «Անտարես», թուրք ասել, հայհոյել», կը նշէ Արմէն Մարտիրոսեանը:

Ան պաշտպանելու խնդրանքով դիմած էր ոստիկաններուն: Կ’ըսէ, որ իրաւապահները պահանջած են հեռանալ տարածքէն: Փորձած է հեռանալ, որմէ յետոյ խումբ մը ցուցարարներ իր վրայ յարձակած են:

Համացանցին մէջ յայտնուած տեսանիւթերուն մէջ եւս կ’երեւի, թէ ինչպէս քայլերթի որոշ մասնակիցներ կը յարձակին Մարտիրոսեանի վրայ, ապա կը հարուածեն, կը քաշքշեն: Կային նաեւ յարձակումը կանխել փորձող քաղաքացիներ:

«Մինչ այդ ոչ մէկը չէր համարձակւում որեւէ քայլ անել դէպի ինձ, երբ որ իրենց էի նայում: Հէնց որ թեքուեցի, արդէն երեւի առիթաւորուեցին», կ’ըսէ ան:

«Անտարես»-ի ղեկավարը ստացած կապտուկներէն չի փափաքիր խօսիլ, համոզուած է, որ եթէ ոստիկանութիւնը աւելի շուտ կանխէր իր նկատմամբ սպառնալիքները, հարցը բռնութեան չէր հասներ. «Մարդիկ աւելի զսպուած կը լինէին, իսկ դա արդէն դատական իշխանութեան խնդիր է, քննչական մարմինների, ոստիկանութեան աշխատանքի խնդիր է»:

Արմէն Մարտիրոսեանը, սակայն կասկած չունի, որ անհանդուրժողականութեան բուն պատճառները կրթական համակարգին մէջ են: Կրթութեան մակարդակը ցած է, իսկ պետութիւնը լուրջ բարեփոխումներու հարցով կը յապաղի. «Խնդիրը կրթութեան մէջ է, դաստիարակութեան մէջ է, գրքերի բացակայութեան մէջ է: Հայաստանում եղել է մօտ 400 հանրային գրադարան ու երեւի 3 հազար դպրոցական գրադարան, ոչ այն կայ, ոչ այն կայ»:

Իրաւապաշտպանը վստահ է` միջադէպը հնարաւոր կ’ըլլար կանխել, եթէ Հայաստանը արհեստավարժ ոստիկանական համակարգ ունենար

Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեանն ալ համոզուած է, որ հասարակութեան մէջ հանդուրժողականութեան պակասը գրագիտութեան պակասի հետեւանք է. «Մինչեւ այդ սերնդափոխութիւնը, դաստիարակութիւնը ի կատար ածուեն, իրականութիւն դառնան, այս անցումային փուլում, արդէն մի 30 տարի անցել ենք, ինչքան պէտք է անցնենք դեռ, չգիտեմ, պէտք է մենք հնարաւորինս լուրջ միջոցներով կարողանանք հասնել նրան, որպէսզի կանխուեն այս կարգի յարձակումները»:

Ոչ միայն ցուցարարներուն, այլեւ ոստիկաններուն պահուածքը իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեանը անընդունելի կը համարէ: Կ’ըսէ` իրաւապահները իրենց բուն գործառոյթը իրականացնելու փոխարէն, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր ցոյցեր ցրելով կը զբաղին միայն: Վստահ է, որ այդ միջադէպը հնարաւոր կ’ըլլար կանխել, եթէ Հայաստանը արհեստավարժ ոստիկանական համակարգ ունենար:

Իրաւապաշտպանը կը նկատէ, որ ե՛ւ նախկին, ե՛ւ ներկայ իշխանութիւնները անընդհատ կը խօսին ուժային կառոյցներու բարեփոխումներու մասին, սակայն խօսքէն գործի չեն անցնիր. փոխութիւնները միայն արտաքուստ են. «Մշտապէս գործող իշխանութիւնները դիտարկել են եւ շարունակում են, ցաւօք, այսօր նոյնպէս դիտարկել ոստիկանութիւնը` որպէս իրենց իշխանութիւնը պահպանելու միջոց: Հէնց որ իշխանութիւնները կը դադարեն նման խնդիր լուծելուց, ուժային կառոյցներին կը դադարեն դիտարկել որպէս իրենց իշխանութեան երկարաձգման կամ պահպանման միջոց, այն ժամանակ նրանք արդէն իրականում ձեռնամուխ կը լինեն իրական փոփոխութիւնների»:

Արմէն Մարտիրոսեանի հաղորդումէն յետոյ ոստիկանութիւնը խուլիկանութեան յօդուածով քրէական գործ յարուցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment