Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ ԱԳՆ-ին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան Հայաստանի Լիիրաւ Անդամակցութեան 10-Ամեայ Յոբելեանին Նուիրուած Ընդունելութիւն

ՀՀ ԱԳՆ-ին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան Հայաստանի Լիիրաւ Անդամակցութեան 10-Ամեայ Յոբելեանին Նուիրուած Ընդունելութիւն

by MassisPost

Ապրիլ 20-ին Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութեան 10-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ընդունելութիւն, որուն ներկայ էր Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապոյի դիւանագիտական եւ քաղաքական հարցերով յատուկ խորհրդական, դեսպան Տէզիրէ Նեարուհիրիրան: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան հիւրեր ՀՀ տարբեր նախարարութիւններէն, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած` Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դեսպաններ, հաւատարմատարներ, Հայաստանի մէջ գործող ֆրանսական հաստատութիւններու ղեկավարներ, գիտակրթական ոլորտի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանը` վերահաստատելով Հայաստանի ամուր կապուածութիւնը ֆրանքոֆոն աշխարհին եւ գոհունակութեամբ ընդգծելով ֆրանքոֆոն մշակոյթի մեծ նշանակութիւնը հայ հասարակութեան կեանքին մէջ: Ան միաժամանակ անդրադարձաւ Հայաստանի` Ֆրանքոֆոնի գագաթաժողովի` 2018 թուականէն ստանձնած նախագահութեան, որ կ’աւարտի այս տարուայ Նոյեմբերին:

Խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Տէզիրէ Նեարուհիրիրան, որ Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց Հայաստանը տասնամեայ լիիրաւ անդամակցութեան յոբելեանին կապակցութեամբ, դրուատանքով ընդգծելով Հայաստանի եւ Կազմակերպութեան օրինակելի յարաբերութիւններն ու բացառիկ համագործակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment