Հայաստանը կազի դիմաց սկսած է ռուպլիով վճարել, յայտարարած է տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:
Պաշտօնեային խօսքով, վերջին վճարումները ռուսական արժոյթով կատարուած է, այդուհանդերձ գնագայոցումը դեռ տոլարով կ’իրականացուի: Այսինքն` Հայաստանը 1000 խորանարդ մեթր կազի դիմաց կը շարունակէ 165 տոլարի չափով գումար վճարել, բայց` ռուպլիով:
Անցեալ ամիս Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրամայած էր «ոչ-բարեկամական» երկիրներուն կազը ռուպլիով վաճառել: Թէեւ այս որոշումը Հայաստանին չի վերաբերիր, իշխանութիւննները, սակայն, յայտարարեցին, որ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ կը վարեն կազի դիմաց ռուպլիով վճարելու:
Պաշտօնական Երեւանը 2015-ին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելէ ի վեր պարբերաբար կ’ընդգծէ, որ կապոյտ վառելանիւթիւն դիմաց ռուսական արժոյթով վճարելը ձեռնտու է Հայաստանին: