Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազատութեան Հրապարակին Փոխարէն Քոչարեանն Ու Սարգսեանը Թող Արցախ Երթան. Անդրանիկ Քոչարեան

Ազատութեան Հրապարակին Փոխարէն Քոչարեանն Ու Սարգսեանը Թող Արցախ Երթան. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի իշխող «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան կ’առաջարկէ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին՝ հրապարակը հանրահաւաք կատարելու փոխարէն երթալ Արցախ եւ իրենց աջակցութիւնը աւելի շօշափելի դարձնել Արցախէն, շեշտելով որ Արցախի հետ կապուած խնդիրները պէտք է լուծել Արցախի մէջ:

«Առաջարկում եմ, որ ընդդիմադիր երկու ուժերի առաջնորդները` իրենց աշխատակազմերով եւ իրենց համակիրներով, փորձեն կազմակերպեն մէկ ամսեայ բանակում Արցախում: Փոքր խմբերով գնան եւ համալրեն Պաշտպանութեան բանակի կորցրած հնարաւորութիւնները` իրենց նաեւ մասնակցութեամբ, իրենց նաեւ ֆինանսներով: Բայց այս պահի դրութեամբ առայժմ բացի պետական իշխանութեան աջակցութիւնից, ընդդիմադիր ուժերի ծրագրային աջակցութիւն, գոնէ սրտացաւ աջակցութիւն, տեսանելի չէ մեր հասարակութեան համար, այդքանով էլ ես համոզուած եմ, որ իրենց միջոցառումը ոնց կը սկսուի, այնպէս էլ կ’աւարտուի», ըսաւ Անդրանիկ Քոչարեանը:

Ապրիլ 6-ին Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը Պրիւքսէլի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները: Առաջնորդները պիտի գնահատեն այն զարգացումները, որոնք տեղի ունեցած են իրենց վերջին հանդիպումէն յետոյ, եւ պիտի քննարկեն հետագայ ուղիները` հասնելու անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի, ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներուն: Կը նշուի, որ ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ յատկապէս հաղորդակցութեան հարցը:

Խորհրդարանական ընդդիմադիր երկու ուժերը` «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները, պրիւքսէլեան հանդիպման նախօրէին, ի պաշտպանութիւն Արցախի, հանրահաւաք հրաւիրած էին Ազատութեան հրապարակին մէջ:

Անդրանիկ Քոչարեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ընդդիմադիրները այնուամենայնիւ ազնիւ չեն․ «Իմանալով, որ ամսի 6-ին Պրիւքսէլում տեղի է ունենալու հանդիպում, իրենք այդ հանդիպումից առաջ, չգիտես ինչու, Արցախի անվտանգութեան խնդիրները բերում են Ազատութեան հրապարակ եւ Երեւանի փողոցներ, մոռանալով որ Արցախի խնդիրները պէտք է լուծել հէնց բուն Արցախում»:

Հարցին, թէ ինչ-որ փաստաթուղթ, յայտարարութիւն պիտի ընդունուի՞ Պրիւքսէլի մէջ, Քոչարեանը պատասխանեց․ «Նախ կը լինի հանդիպումը, դրանից յետոյ, բնականաբար, թաքցնելու ոչինչ չունի իշխանութիւնը, եւ արձանագրութիւնները գոնէ հասնելի կը լինեն բոլորին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment