Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «The New York Times»-ը Ծաւալուն Յօդուած Նուիրած Է Հայաստան Տեղափոխուող Ռուսաստանցիներուն

«The New York Times»-ը Ծաւալուն Յօդուած Նուիրած Է Հայաստան Տեղափոխուող Ռուսաստանցիներուն

by MassisPost

«Ռուսաստանը հազարաւոր հեռանկար ունեցող երիտասարդ մասնագէտներ կը կորսնցնէ, որոնց զգալի մէկ մասը կու գայ Հայաստան», կը գրէ ամերիկեան հեղինակաւոր «The New York Times» պարբերականը, Հայաստան տեղափոխուած ռուսաստանցիներու մասին օրերս հրապարակած ծաւալուն լրագրական տեղեկատուութեան մէջ:

Երեւան ժամանած թերթի թղթակից Ճէյն Արաֆ զրուցած է ինչպէս Հայաստան տեղափոխուած ռուսաստանցիներու, այնպէս ալ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէս կ’ազդէ մարդկային այս անսպասելի ներհոսքը Հայաստանի վրայ:

«Ռուս-ուքրանական պատերազմէն առաջ, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Հայաստանի մէջ ընդամէնը 3-4 հազար արձանագրուած ռուսաստանցի աշխատող կար: Ռուսական ներխուժման յաջորդած երկու շաբաթներու ընթացքին, սակայն, առնուազն նոյնքան մարդ կը ժամանէր ամէն օր: Հազարաւոր ռուսաստանցիներ Հայաստանէն ուղեւորուած են այլ երկիրներ: Նախորդ շաբաթ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու տրամադրած տուեալներուն համաձայն, այդուհանդերձ, 20 հազար ռուսաստանցի մնացած է Հայաստանի մէջ», կը գրէ ամերիկեան պարբերականը:

«The New York Times»-ի թղթակիցը զրուցած է Հայաստան ժամանած քանի մը տասնեակ ռուսաստանցիներու հետ, որոնց մէկ մասը, ըստ թղթակիցին, կը վախնայ հրապարակելու ամբողջական անունը կամ աշխատանքի վայրը:

Անոնցմէ է, օրինակ, 29-ամեայ Փոլինա Լոսեւան, որ ըսած է, թէ կ’աշխատի տեղեկատուական ոլորտի ռուսական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ, որու անուանումը հրապարակել չէ փափաքած:

«Ես երբեք չէի կրնար պատկերացնել, որ նման պատերազմ կրնար բռնկիլ: Երբ այն սկսաւ, ես հասկցայ, որ աւելի անվտանգ պիտի ըլլայ լքել երկիրը», ամերիկեան թերթին ըսած է ռուսաստանցի կինը:

«The New York Times»-ի թղթակիցը նաեւ կը նկատէ, որ ռուսաստանցիներուն մէկ մասը Երեւան կը տեղափոխուի սեփական նախաձեռնութեամբ, ոմանց Հայաստան կը տեղափոխեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի արեւմտեան, այդ շարքին` ամերիկեան ընկերութիւնները:

«Հայաստան ժամանող ռուսաստանցիները կը միաւորէ նաեւ այն հանգամանքը, որ անոնք կրնան աշխարհի որեւէ կէտէ հեռավար աշխատիլ», կը գրէ «The New York Times»-ի թղթակիցը:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի խօսքով` Հայաստան ժամանած ռուսաստանցիներուն մեծամասնութիւնը կ’աշխատի տնտեսութեան այն ճիւղերուն մէջ, որոնց համար առանցքային նշանակութիւն ունին համացանցի անխափան հասանելիութիւնն ու միջազգային դրամատնային կապերը: Հայաստան ժամանած ռուսաստանցի մասնագէտներէն ոմանք, ինչպէս, օրինակ, «The New York Times»-ի հրապարակման հերոսներէն Պուլաթ Մուսթաֆինն ու Վիքթորիա Փոյմենովան, մտադիր են հաստատուիլ դրացի Վրաստանի մէջ:

«Տասնեակ հազարաւոր ռուսաստանցիներ արդէն իսկ տեղափոխուած են Վրաստան եւ Թուրքիա: Ամենամեղմ ընդունելութիւնը, սակայն, Հայաստանի մէջ է: Նախկին խորհրդային այս հանրապետութիւնը ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մէջ չէզոք դիրք գրաւած է: Ի տարբերութիւն Վրաստանի, Հայաստանի մէջ հարցուած ռուսաստանցիներէն ոչ մէկը ըսաւ, թէ այստեղ թշնամական վերաբերմունքի բախած է», կը գրէ «The New York Times»-ի յօդուածագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment