Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոմիութիւնը Մտահոգուած Է Արցախի Մէջ Կազամատակարարման Խափանումներով

Եւրոմիութիւնը Մտահոգուած Է Արցախի Մէջ Կազամատակարարման Խափանումներով

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը մտահոգուած է Ստեփանակերտի մէջ կազամատակարարման խափանման մասին հաղորդումներով, ըսուած է Եւրոմիութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան խօսնակ Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ:

«Շտապ անհրաժեշտութիւն կայ ապահովելու տուժած տեղական բնակչութեան կազամատակարարման անյապաղ վերսկսումը, մասնաւորապէս, եղանակային վատ պայմաններու ծիրին մէջ», յայտնած է Եւրոմիութեան պաշտօնեան:

Յայտարարութեան մէջ Եւրոմիութիւնը անհասցէ կոչ ըրած է թոյլ տալու վերականգնել կազամատակարարումը, նշելով որ ուշադիր կը հետեւի այս եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող այլ զարգացումներուն ու պիտի շարունակէ իր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:

Միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներէն խնդիրին անդրադարձած է Human Rights Watch-ը: Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժնի փոխտնօրէն Կիորկի Կոկիան Թուիթըրի մէջ գրած է. «Երկու շաբթուայ ընթացքին արդէն 2-րդ անգամ սառնամանիքի պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները մնացած են առանց ջեռուցման` Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքով անցնող կազատարին պատճառով»:

Թուարկելով դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն, հացի արտադրամասերուն մէջ յառաջացած խնդիրները, Human Rights Watch-ի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ շտապ քայլեր անհրաժեշտ են` հետագայ մարդասիրական ճգնաժամէն խուսափելու համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment