Եկեղեցին ընդունելի չի համարեր Յիսուս Քրիստոսի արձանին տեղադրումը` նկատի առնելով, որ «այն յարիր չէ հայ եկեղեցու դարաւոր պատկերագրական եւ պաշտամունքային աւանդոյթին»: Այս որոշումը ընդունած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած ժողովին ժամանակ:
Նախաձեռնութիւնը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին է:
«Եկեղեցու համար ընդունելի կարող է համարուել Փրկիչ մեր Տիրոջ հարթաքանդակի կառուցումը` «ամենափրկիչ» խաչքարերի սկզբունքով:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի յորդորն է նախաձեռնութեան հեղինակներին եւ մասնակիցներին` զերծ մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու աւանդոյթին հակասող նախագծերից եւ առաջնորդուել մեր ազգային-եկեղեցական մշակոյթին, եկեղեցաբանական եւ աստուածաբանական սկզբունքներին համահունչ մօտեցումներով», ըսուած է Եկեղեցւոյ յայտարարութեան մէջ:
Փրկիչին արձանը 33 մեթր բարձրութիւն պիտի ունենայ, պատուանդանը շատ աւելի` 2-3 անգամ բարձր: Հայաստանի ամենաբարձրադիր գօտիէն` Քրիստոսի արձանը դուրս պիտի բերէ հայ ժողովուրդը յուսահատութեան թմբիրէն, խոստացած է Ծառուկեանը:
Յիսուս Քրիստոսի արձանի կանգնեցման գաղափարին անդրադարձած էր նաեւ առաջին նախագահը: Ըստ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի` Հայոց եկեղեցւոյ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը պէտք է կտրականապէս մերժէր այդ գաղափարը, որովհետեւ այն կը հակասէ Հայոց եկեղեցւոյ 1700-ամեայ պատմութեան սրբագործուած աւանդոյթին: