Home Uncategorized Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմին Հետեւանքով Զոհուած Են Հայազգի 3 Զինուորական Եւ 7 Քաղաքացիական Անձ

Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմին Հետեւանքով Զոհուած Են Հայազգի 3 Զինուորական Եւ 7 Քաղաքացիական Անձ

by MassisPost

Ռուս-ուքրանական պատերազմի ընթացքին ազգութեամբ հայ 10 մարդ զոհուած է, որոնցմէ 3-ը զինուորական են, մնացած 7-ը` քաղաքացիական անձեր: Տեղեկութիւնը յայտնեց Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեանը: Ան նշեց, որ յառաջիկային յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան եւ յայտնեն զոհերու վերաբերեալ տուեալներ` անուն-մականուն, տարիք, ինչպէս նաեւ այն բնակավայրերը, ուր զոհուած են:

Նշենք, որ լրատուամիջոցները հաղորդած են Ուքրանիոյ մէջ զոհուած հայազգի երեք քաղաքացիներուն անձնական տուեալները. Վահիկ Սողոմոնեան, որ զոհուած էր Խերսոնի մէջ, Վահէ Մամիկոնեան, որու զոհուելուն հանգամանքները տակաւին պարզուած չեն (անոր լուսանկարը եւ զոհուելու մասին լուրը ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած էր), եւ Դաւիթ Յարութիւնեան: Վերջինս զոհուած է Մարտ 1-ին, Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի յատուկ գործողութեան ժամանակ: Զոհուած զինուորը ծնած է 2003 թուականի Մարտ 8-ին, Քեախթայի մէջ:

Քիեւի մէջ ապրող հայ վերլուծաբան Մարատ Յակոբեանի փոխանցմամբ` զոհուածները Չոնկար, Խերսոն, Մարիուփոլ, Խարքով, Քրիւօ Ռոկ, Քիեւի մարզի Իրփեն շրջաններէն են: Վերլուծաբանին տեղեկութիւններով` մահուան պատճառը օդային հարուածներն ու գնդակոծութիւններն են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment