Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրով․ «Ռուսաստանը Կ’ողջունէ Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացը»

Լաւրով․ «Ռուսաստանը Կ’ողջունէ Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացը»

by MassisPost

«Ռուսաստանը կ’ողջունէ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացը», Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւններէն յետոյ յայտարարած է ռուսաստանեան դիւանագիտութեան ղեկավար Սերկէյ Լաւրով:

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձած է նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ դրացի երկիրներու մասնակցութեամբ ստեղծուած «3+3» ձեւաչափին` մէկ անգամ եւս ընդգծելով, որ Մոսկուան կը փափաքի, որ անոր միանայ նաեւ պաշտօնական Թիֆլիսը:

«Վրաստանը դեռ կը մտորէ այս հեռանկարային ձեւաչափին միանալու շուրջ, սակայն մենք միշտ ալ պատրաստ պիտի ըլլանք մեր վրացի գործընկերները տեսնելու այդ կառոյցի նիստերուն», յայտնած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment