Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Կազատար Խողովակի Վերանորոգման Աշխատանքները Սկսած Են

Արցախի Մէջ Կազատար Խողովակի Վերանորոգման Աշխատանքները Սկսած Են

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութեան եւ ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ իրականացուող բանակցութիւններուն շնորհիւ, Պաքուն Մարտ 16-ին սկսած է Արցախի մէջ վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները:

Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտնած է, որ պայմանաւորուածութեան համաձայն` կազամատակարարումը կարճ ժամկէտի մէջ պիտի վերականգնուի, եւ Արցախի իշխանութիւնները կը գործադրեն բոլոր ջանքերը, որ այդ տեղի ունենայ ժամ առաջ:

Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յորդորեցին բոլոր բաժանորդներուն՝ պահպանել զգօնութիւն եւ համոզուիլ, որ կազամատակարարման վերականգնման պահուն կազի արտահոսք ու արտակարգ պատահար տեղի չունենայ:

«Արցախի կառավարութիւնը հայցում է բոլոր քաղաքացիների ներողամտութիւնը յարուցուած դժուարութիւնների համար եւ հաւաստիացնում, որ Արցախի առջեւ ծառացած բոլոր հիմնախնդիրները կարող ենք յաղթահարել մեր միասնականութեան, վճռականութեան ու համբերութեան միջոցով», նշուած է Արցախի շտաբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment