Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անթալիայի Մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Անթալիայի Մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

by MassisPost

Եռօրեայ դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու համար Թուրքիա մեկնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է թուրք գործընկերոջ` Մեւլիւթ Չաւուշողլուի հետ: Հանդիպումէն յետոյ   երկու նախարարները անդրադարձած են հանդիպման արդիւնքներուն:

Չաւուշողլուն հանդիպումը որակած  է «շատ կառուցողական ու արդիւնաւէտ: «Քննարկուեցան քայլեր` ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք կ’կարգաւորման»,- ըսած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը:

Նախարար Միրզոյեան նախ շնորհակալութիւն  յայտնած է նախարար Չաւուշողլուին հրաւէրին համար: «Կարծում եմ` հրաւէրը բաւականին դրական ուղերձ էր, եւ անհրաժեշտ եմ համարել նոյն դրական կերպով արձագանքել այդ ուղերձին: Մեր հանդիպման ընթացքում վերահաստատել ենք երկու կողմի պատրաստակամութիւնը` շարունակել կարգաւորման գործընթացը` յարաբերութիւնների հաստատման եւ սահմանների բացման նպատակով` առանց որեւէ նախապայմանի»,- ըսած է Միրզոյեան:

Միրզոյեան հաստատած է Հայաստանի վճռականութիւնը «Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքեր գործադրելու հարցում»:

«Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, բոլոր պետութիւնները փորձում են կառուցել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն մեր տարածաշրջանում: Եւ ուզում եմ ասել, որ Հայաստանի կողմից այդ պատրաստակամութիւնը` ունենալ խաղաղ եւ կայուն տարածաշրջան, կայ»,- եզրափակած է Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment