Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն նոր Առաջարկներ ներկայացուցած Է Հայաստանին Եւ Կը Սպասէ Պատասխանի

Պաքուն նոր Առաջարկներ ներկայացուցած Է Հայաստանին Եւ Կը Սպասէ Պատասխանի

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ջեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ Պաքուն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ առաջարկներու նոր փաթեթ  ներկայացուցած է Երեւանին եւ այժմ կը սպասէ պատասխանի: «Եթէ Հայաստան անկեղծօրէն կ՛ուզէ կարգաւորել յարաբերութիւնները, սա շատ լաւ առիթ է իրենց համար»,- ըսած է Պայրամով թրքական «Անատոլու» գործակալութեան:

Պայրամով չէ ըսած թէ ի՞նչ են այդ առաջարկները։ Միայն յայտնած է որ, խօսքը մէկ էջնոց փաստաթղթի մասին է, որ բաղկացած է հինգ կէտրէ:

«Անոնք բոլորը միջազգային յարաբերութիւններու սկզբունքներ են, արտասովոր ձեւակերպումներ չկան»,- ըսած է ան, աւելցնելով, թէ փաստաթուղթը վերջերս  ներկայացուած է:  Ատրպէյճանցի նախարարը ըսած է, որ այս առաջարկները նոր են, քանի որ նախորդին Հայաստանը չէր արձագանքած»:

Պաշտօնական Երեւանը Պայրամովի այս յայտարարութեան տակաւին  չէ արձագանքած, սակայն  յայտարարած էր, թէ Երեւանը յառաջիկային կրնայ դիմել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին Ատրպէյճանի  հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու  համար:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան ըսած  էր. «Քանի որ երկու երկրները ուղիղ բանակցութիւնների հարուստ փորձ չունեն, իսկ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը պէտք է նախորդի բանակցային գործընթաց, Հայաստանն առաջիկայում թերեւս կը դիմի ԵԱՀԿ միջնորդներին Ատրպէաճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով»:

«Հարցը ներկայումս գտնւում է մշակման փուլում», – յայտարարած էր Վահան Յունանեան` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment