Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահագն Խաչատուրեան Երդում Տալով Ստանձնեց Հայաստանի Նախագահի Պաշտօնը

Վահագն Խաչատուրեան Երդում Տալով Ստանձնեց Հայաստանի Նախագահի Պաշտօնը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 13-ին Վահագն Խաչատուրեան երդմամբ ստանձնեց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:

Վահագն Խաչատուրեան, ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանի եւ ՀՀ Սահմանադրութեան վրայ, երդուեց . «Ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` երդւում եմ. հաւատարիմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը, իմ լիազօրութիւններն իրականացնելիս լինել անաչառ, առաջնորդուել միայն համապետական եւ համազգային շահերով եւ իմ ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործումէ:

Երդման արարողութենէն յետոյ հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը, իսկ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յղեց հայրապետական օրհնութեան խօսքը:

Vahagn Khatchatryan-oath-2

Արարողութեան կը մասնակցէին  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահի լիազօրութիւնները մինչեւ այդ կարող ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան, նախարարներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած յատուկ նիստին:

Նախագահի երդման արարողութեան հրաւիրուած էին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, սփիւռքի եւ հայրենիքի պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, արտախորհրդարանական ուժեր, գործարարներ, պաշտօնատար անձինք, Հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Արարողութեան հրաւիրուած էին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի եւ Հայաստանի վարչութեան ղեկավարները։

ՀՀ Ազգային Ժողովը Վահագն Խաչատուրեանին Հանրապետութեան նախագահ  ընտրած էր Մարտի 3-ի նիստին: Ան ընտրուած է 7 տարի ժամկէտով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment