Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Մասնակցութեամբ 139 Կազմակերպութիւն Արձանագրուած Է Հայաստանի Մէջ Անկախութենէն Ի Վեր

Թրքական Մասնակցութեամբ 139 Կազմակերպութիւն Արձանագրուած Է Հայաստանի Մէջ Անկախութենէն Ի Վեր

by MassisPost

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան վերջերս կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին, լրագրողի դիտարկման ի պատասխան, թէ թուրքերը Հայաստանի մէջ երբեւէ որեւէ դրամագլուխ ձեռք չեն բերած, հակադարձեց, որ անոնք մշտապէս մեր երկրին մէջ անշարժ գոյք գնած եւ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալած են:

«Դուք հիմա պնդում էք անում, ձեր պնդումը սխալ է: Եթէ ուզում էք ճիշդ թիւեր իմանալ, պէտք է դիմէք Կադաստր, որպէսզի իմանաք, թէ Թուրքիայի քաղաքացիները ինչ ներդրումներ ունեն Հայաստանում», պատասխանած է նախարարը լրագրողին:

Փաստերու Ստուգման Հարթակը ամփոփած է Հայաստանի մէջ գործող, թրքական դրամագլուխի մասնակցութեամբ ընկերութիւններուն թիւը` ՀՀ չորս ղեկավարներու օրօք, ինչպէս նաեւ պարզած է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն Հայաստանի մէջ սեփականութեան իրաւունքով պատկանող անշարժ գոյքի ծաւալները:

Թուրքիոյ քաղաքացիներու անշարժ գոյքը Հայաստանի մէջ

Կադաստրի կոմիտէէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն (ֆիզիքական անձեր) սեփականութեան իրաւունքով պատկանող 77 միաւոր անշարժ գոյք կայ: Ըստ կոմիտէին` այդ թիւին մէջ առկայ են 7176 քմ շինութիւն եւ 2.21 հա հողատարածք:

Թուրքիոյ քաղաքացիներուն պատկանող անշարժ գոյքի պայմանագրային գիներու ընդհանուր գումարը կը կազմէ մօտ 1 միլիառ 833 միլիոն դրամ:

Թրքական ընկերութիւնները Հայաստանի մէջ

Կադաստրի կոմիտէէն կը յայտնեն նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած իրաւաբանական անձերու սեփականութեան իրաւունքով պատկանող անշարժ գոյք Հայաստանի մէջ առկայ չէ:

Միեւնոյն ժամանակ, Տնտեսութեան Նախարարութենէն յայտնեցին, որ պետական միասնական գրանցամատեանի տուեալներուն համաձայն` Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 72 սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն, որոնց հիմնադիր կամ մասնակից են Թուրքիոյ քաղաքացիները:

Իրաւաբանական անձերու պետական արձանագրութեան տուեալներու ուսումնասիրութենէն պարզ դարձաւ նաեւ, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները 1991-2022 թուականներուն մասնակցութիւն ունեցած են Հայաստանի մէջ գործող 139 կազմակերպութեան մէջ: Ընկերութիւններուն մէկ մասը դադրեցուցած է գործունէութիւնը: Մնացած 91-ը կը շարունակեն գործել, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, անոնց մէկ մասէն թրքական դրամագլուխը հեռացած է, եւ այժմ Հայաստանի մէջ թրքական դրամագլուխի մասնակցութեամբ գործող 72 ընկերութիւն մնացած է:

Ընդհանուր առմամբ, այս տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ ամենաշատ ընկերութիւններ բացուած են Ռոպերթ Քոչարեանի կառավարման տարիներուն` 54-ը, եւ նոյն տարիներուն ալ ամենաշատ թիւով դադրած են գործելէ` 30:

Պատկերին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի չորս ղեկավարներու կառավարման տարիներուն Հայաստանի մէջ գործունէութիւն սկսած, թրքական դրամագլուխի մասնակցութեամբ ընկերութիւններուն թիւերը` ըստ կարգավիճակի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment