Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ը Կը Նախատեսէ Գնահատման Առաքելութիւն Արցախի Մէջ

ՄԱԿ-ը Կը Նախատեսէ Գնահատման Առաքելութիւն Արցախի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Վլատանքա Անտրէեւան մօտ ապագային պիտի այցելէ Արցախ: Այդ մասին ան յայտնած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպման ժամանակ:

Անտրէեւայի խօսքով` գնահատման առաքելութեան մէջ պիտի ընդգրկուին ՄԱԿ-ի համապատասխան մասնագիտացուած գերատեսչութիւններու եւ ծրագրերու ներկայացուցիչներ:

Նախօրէին, ընդունելով Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրզ Եահիան` ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջազգային մասնագիտացուած կառոյցներու, այդ շարքին` ՄԱԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն անխոչընդոտ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Տարածաշրջան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան շուրջ շարունակուող անորոշութեան լոյսին տակ, օրերս ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին առջեւ խումբ մը քաղաքայիններ հաւաքուած էին` բարձրաձայնելու իրենց մտահոգութիւնը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին շուրջ: Շարժումի մասնակիցներուն անհանգստութեան պատճառը պաշտօնական Պաքուէն վերջերս հնչող յայտարարութիւններն են. այնտեղ կասկածի տակ կը դնեն իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ Հայ առաքելական եկեղեցիներու պատկանելիութիւնը, պնդելով որ անոնք աղուանական են, եւ նշելով որ «հայերը յուշարձաններուն վրայ թողած են հետքեր, որոնք պէտք է մաքրուին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment