«Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը եւ Հայաստանը յուշագիր ստորագրած են աթոմային ուժանիւթի պլոքներ կառուցելու համագործակցութեան մասին:
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութիւնը եւ Հայաստանի Աթոմային ելեկտրակայանի (ԱԷԿ) ղեկավարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հայկական ԱԷԿ-ի տարածքին մէջ ռուսական արտադրութեան աթոմային նոր ուժանիւթի պլոք կառուցելու հնարաւորութիւններ մշակելու:
Յուշագիրը ստորագրուած է Տուպայի «Էքսփօ-2020» ցուցահանդէսին մէջ, ուր ներկայացուած են փոքր հզօրութեան աթոմային կայաններու ռուսական արհեստագիտութիւններ:
Հայաստանի ԱԷԿ-ի տնօրէն Էտուարտ Մարտիրոսեան ըսած է, որ երկրի ելեկտրաուժանիւթին 40 տոկոսը կ’ապահովէ աթոմակայանը, որ 1977 թուականէն «մաքուր եւ յուսալի» ուժանիւթի աղբիւր է:
«Շահագործման ժամկէտը սպառուելուց յետոյ մենք ցանկանում ենք հետագայում եւս աթոմային ուժանիւթ ունենալ, եւ դրա համար առաջին հերթին դիտարկում ենք ռուսական աթոմային ժամանակակից արհեստագիտութիւնները, որոնք աշխարհում առաջատար են հանդիսանում», ըսած է Մեծամօրի ԱԷԿ-ի տնօրէնը: