Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանի Ընտանիքի 10 Անդամներ Հրաւիրուած Են Գլխաւոր Դատախազութիւն

Մանուէլ Գրիգորեանի Ընտանիքի 10 Անդամներ Հրաւիրուած Են Գլխաւոր Դատախազութիւն

by MassisPost

Աւելի քան մէկ տարի առաջ մահացած, փտածութեան վերաբերեալ յանցագործութիւններու համար մեղադրուող զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի ընտանիքի 10 անդամներ հրաւիրուած են Գլխաւոր դատախազութիւն` ծանօթանալու իրենց պատկանող գոյքի` ապօրինի ըլլալու մասին ուսումնասիրութեան:

Բացի ընտանիքի անդամներէն, դատախազութիւնը կը քննէ նաեւ հանգուցեալ Գրիգորեանին պատկանող գոյքի ծագման օրինականութիւնը:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրի, Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող գոյքին առնչութեամբ իրականացուած ուսումնասիրութեան հետեւանքով կազմուած է ամփոփագիր, ըստ որուն, միւս Գրիգորեաններուն պատկանող գոյքը եւս կը հանդիսանայ բռնագանձման առարկայ:

Գրիգորեաններու փաստաբան Լեւոն Պաղտասարեանի փոխանցմամբ, Դատախազութեան դիմումին հիման վրայ կալանքի տակ դրուած է Գրիգորեանին պատկանող ամբողջ գոյքը: Թէ ինչ արժողութեամբ գոյքի մասին է խօսքը, փաստաբանը չմանրամասնեց, միայն պնդեց` Գրիգորեանները հարստացած են օրինական ճանապարհով: «Կան համապատասխան ապացոյցներ, հակափաստարկներ, որ ներկայացուելու է դատախազութիւն», ըսաւ Պաղտասարեանը:

Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան «Ազատութեան» պարզաբանեց, որ մարդու մը մահը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարոյթը բացառող հանգամանք չէ: Իր հերթին, փաստաբան Լեւոն Պաղտասարեան կը շեշտէ՝ քանի դեռ իրենք չեն ծանօթացած դատախազութեան ուսումնասիրութիւններուն, իրաւապահները պէտք չէ ազդարարէին այդ մասին:

Հանրապետական խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր, ղարաբաղեան առաջին պատերազմի մասնակից Գրիգորեանը 2018-ի յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ անց մեղադրուեցաւ ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամ իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամ հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու համար: Աւելի քան մէկուկէս տարի բանտարկութեան մէջ գտնուելէ յետոյ, 2020-ի Յունուարին ան ազատ արձակուած էր կալանքէն, երբ անոր առողջական վիճակը կտրուկ վատացած էր:

Գրիգորեան մահացաւ նախքան իր դատավճիռին հրապարակումը: Փաստաբանը տեղեկացուց, որ Գրիգորեանները չեն համաձայնած հօր մահէն ետք դադրեցնել քրէական հետապնդումը, քանի որ դատարանէն կը պահանջեն արդարացնել զօրավարը:

Գրիգորեաններէն բացի, իրաւապահները ուսումնասիրած են նաեւ Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի, փոխադրութեան նախկին նախարար Գագիկ Բեկլարեանի, բնապահպանութեան նախկին նախարար Արամ Յարութիւնեանի, ԱԱԾ գնդապետ Սերոբ Յարութիւնեանի, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր` հետախուզման մէջ գտնուող Լեւոն Սարգսեանի դստեր, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Գալուստ Սահակեանի որդուն` Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ Արման Սահակեանին պատկանող գոյքն ու դրամական միջոցները: Արամ Յարութիւնեանի եւ Վլատիմիր Գասպարեանի գործերը արդէն դատարանն են: Ընդհանուր առմամբ, կ’ուսումնասիրուի աւելի քան 200 գործ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment