Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Աշխատանքներ Կ’ընթանան Միասնական Փաթեթը Յղկելու Շուրջ». Ռուտենքօ՝ Հարաւային Կովկասի Մէջ Ապաշրջափակման Մասին

«Աշխատանքներ Կ’ընթանան Միասնական Փաթեթը Յղկելու Շուրջ». Ռուտենքօ՝ Հարաւային Կովկասի Մէջ Ապաշրջափակման Մասին

by MassisPost

Ռուսաստանի փոխ Արտաքին գործոց նախարար՝ Անտրէյ Ռուտենքօ ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ արդէն գրեթէ պատրաստ է ճանապարհային եւ երկաթուղային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման միասնական փաթեթը: Անոր խօսքով՝ այսօր կ’ընթանան այդ փաթեթը վերջնական տեսքի հասցնելու աշխատանքներ:

Պաշտօնական Մոսկուան վերջին ամիսներուն պարբերաբար շեշտած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութիւնը, թէեւ նախկինին պէս յայտարարութիւնները կ’ընէ ընդհանուր դիւանագիտական ոճի մէջ՝ խուսափելով յստակ ձեւակերպումներէ։

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը՝ տնտեսական եւ փոխադրային բոլոր կապերու ապաշրջափակումն է։ Խօսքը երկու երկիրներու համար խաղաղ գոյակցութենէն գործնական յստակ օգուտ քաղելու հնարաւորութեան մասին է։ Ռուսաստան այդ գործընթացի անմիջական մասնակիցն է», – նշած է Ռուտենքօ:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը շեշտած է, որ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման համար կարեւոր դեր խաղացած է Սոչիի մէջ Նոյեմբեր 26-ին կայացած եռակողմ բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Վլատիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի մէջ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու մանրամասնութիւնները այսօր ալ յայտնի չեն: Փութին եռակողմ բանակցութիւններէն յետոյ յայտարարած էր, թէ մանրամասնութիւնները կը յայտնեն Դեկտեմբեր 1-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստին։ Նիստը կայացած էր, սակայն որեւէ յայտարարութիւն չէր եղած։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Դեկտեմբերի կէսերուն Պրիւքսէլի մէջ կայացած բանակցութիւններէն յետոյ խօսած են փոխադրային ապաշրջափակման հարցի առաջխաղացման մասին, սակայն հիմնական հարցը կը մնայ անորոշ՝ ի՞նչ տրամաբանութեամբ պիտի գործեն կառուցուելիք եւ վերաբացուելիք ինքնաշարժներու եւ երկաթուղային ճանապարհները։ Նոյնիսկ ԹԱՍՍ-ի լրագրողը իր հարցը Ռուտենքոյին այսպէս ձեւակերպած էր ․ «Պաքու կը պնդէ Նախիջեւանի մէջ փոխադրային միջանցք ըլլայ, իսկ Երեւան դէմ է իր տարածքով միջանցք ստեղծելու։ Կա՞յ արդեօք երկու կողմերու համար փոխադարձ ընդունելի երրորդ տարբերակ»։

Փոխադարձ ընդունելի երրորդ տարբերակի մասին հարցազրոյցի ընթացքին Ռուտենքօ չէ խօսած, նշած է միայն, որ «եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրէն ներս կարեւոր նախապատրաստական աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանի մէջ երկաթուղային եւ ճանապարհային հաղորդակցութեան վերականգնման համար։ Այժմ աշխատանքներ կ’ընթանան միասնական փաթեթը յղկելու շուրջ»։

Ռուսաստանի փոխ Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած էր, թէ Մոսկուան ուշադրութիւն կը դարձնէ համատեղ ենթակառուցուածքային նախաձեռնութիւններու յարաչափերու մշակման արագ աւարտին եւ յստակ նախագիծերու գործարկման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment