Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Ապաստանած Պոլսահայ Լեզուաբան Սեւան Նշանեան Կրնայ Արտաքսուիլ Թուրքիա

Յունաստան Ապաստանած Պոլսահայ Լեզուաբան Սեւան Նշանեան Կրնայ Արտաքսուիլ Թուրքիա

by MassisPost

2017-ի ամրան թրքական բանտէն փախուստի դիմած եւ հարեւան Յունաստան ապաստանած պոլսահայ յայտնի մտաւորական, հրապարակախօս Սեւան Նշանեանը յունական իշխանութիւնները կրնան արտաքսել Թուրքիա: Այս մասին ընկերային ցանցի իր էջերով ահազանգած է Նշանեանի կինը՝ Հերա Ցուրու։

Յունաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող կինը յայտնած է, որ իր հետ ամուսնացած ըլլալու հիմքով Նշանեանի ստացած կացութեան իրաւունքը Դեկտեմբեր 29-ին տեղական իշխանութիւնները չեն երկարաձգած, իսկ յաջորդ օր ան ոստիկանական բաժանմունք կանչուած է: Մէկ ժամ սպասեցնելէ յետոյ զինք ձերբակալած են, պատճառաբանելով, թէ կացութեան կարգավիճակի ժամկէտը մէկ օր առաջ լրացած է, եւ Նշանեան արդէն անօրինականօրէն կը գտնուի Յունաստան։

Հերա Ցուրու «Ազատութիւն»ին հաղորդեց, որ ստեղծուած իրավիճակի պատճառը գրասենեկային խառնաշփոթն է: Անոր խօսքով, կը սպասեն, որ դատախազութիւնը պէտք է ուսումնասիրէ Նշանեանի գործը եւ որոշէ, թէ որ երկիրը ան պիտի արտաքսուի: Թուրքիոյ քաղաքացի մտաւորականը 2019-ին նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած էր: Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը յայտարարած է, թէ ջանքեր կը գործադրէ Նշանեանին աջակցելու համար:

«Դեսպանութիւնը տեղեակ է պոլսահայ մտաւորական, ՀՀ քաղաքացի Սեւան Նշանեանի շուրջ ծաւալուած գործընթացից եւ ձեռնարկում է բոլոր հնարաւոր քայլերը խնդիրը կարգաւորելու նպատակով», – ըսուած է դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեամբ։

Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը այցելած է Սամոս կղզիի ոստիկանական այն բաժանմունք, ուր կը գտնուի 65-ամեայ մտաւորականը եւ ծանօթացած պայմաններուն։ Դեսպանատունէն «Ազատութիւն»ին այլ մանրամասնութիւններ չյայտնեցին՝ պատճառաբանելով գործի նուրբ բնոյթը:

Հերա Ցուրուի հաղորդմամբ, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի արտաքսուելու որոշման պարագային Նշանեան ոչ թէ Թուրքիա, այլ Հայաստան ուղարկուի: 2014-ին Սեւան Նշանեան աւելի քան 11 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած էր Իզմիրի Շիրիջէ գիւղը գտնուող իր սեփական այգիին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով: Մինչեւ 2017 թուականի ամառ ան կը գտնուէր Իզմիրի Ֆոչայի բաց ռեժիմի բանտը:

Տարիներ շարունակ Նշանեանը ազատ արձակելու կոչեր հնչեցնող մտաւորականները կը պնդեն, որ զինք ազատազրկած են թրքական իշխանութիւնները պաշտօնական պատմագրութիւնը քննադատելու համար: 2013-ին ան 13.5 ամիսով ազատազրկուած էր իր հրապարակմամբ Մուհամէտ մարգարէն վիրաւորելու պատճառով: 2008-ին Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ հանած էր Նշանեանի հեղինակած «Սխալ Հանրապետութիւն կամ 51 հարց Քեմալիզմին եւ Աթաթուրքին» գիրքը, ուր ան կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան՝ նշելով, որ ժամանակակից թրքական պետութիւնը հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու հետեւանք է: Նշանեանի նկատմամբ հետապնդումները սկսան գիրքի հրատարակումէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment