Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թեհրան Կ’աջակցի ՀՀ-ի Ինքնիշխանութեան. Իրանի Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի

Թեհրան Կ’աջակցի ՀՀ-ի Ինքնիշխանութեան. Իրանի Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ Յունուար 3-ին ունեցած հեռախօսազրոյցով անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքով հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Իպրահիմ Ռայիսին կոչ ըրած է շարունակելու երկխօսութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ ամենատարբեր մակարդակներով:

«Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի զգայունութիւնը կը պահանջէ, որ տարածաշրջանի երկիրները պարբերաբար քննարկեն տարածաշրջանային եւ երկկողմանի հարցեր: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան աջակցիլն է: Այս առումով Թեհրան կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան այդ երկրով անցնող բոլոր ճանապարհներու նկատմամբ»,-ըսած է Իրանի նախագահը:

Նշուած է, որ Թեհրան կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ բանակցային գործընթացի առաջընթացը: Իրանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ խնդիրները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ: «Մենք կ’աջակցինք ճանապարհներու ապաշրջափակման»,-նշած է Իրանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment