Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Մեկնարկեն Երկաթուղագիծի Մեղրիի Հատուածի Շինարարութեան Նախապատրաստական Աշխատանքները. Վարչապետ

Կը Մեկնարկեն Երկաթուղագիծի Մեղրիի Հատուածի Շինարարութեան Նախապատրաստական Աշխատանքները. Վարչապետ

by MassisPost

«Մեկնարկում են Երասխ-Ջուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղու Մեղրիի հատուածի շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները», Սիւնիքի հարցերով միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստին ըսած է վարչապետը:

Աւելի վաղ փոխվարչապետ՝ Մհեր Գրիգորեան տեղեկացուցած էր, որ Մեղրիի հատուածի 45 քիլոմեթրնոց երկաթուղագիծի կառուցումը կ’արժէ մօտ 200 միլիոն տոլար, շինարարութիւնը կը տեւէ շուրջ երեք տարի, ան չէր յստակացուցած, թէ երբ պիտի մեկնարկէ երկաթուղագիծի հայաստանեան հատուածի շինարարութիւնը։

Այսօրուայ՝ Դեկտեմբեր 29-ի նիստին, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման թեմայի էական գործօն ըլլալը Սիւնիքի մարզի հետագայ զարգացման համար` աւելցնելով, թէ ան ակնյայտօրէն որոշակի խնդիրներ եւ վտանգներ կը պարունակէ, նաեւ միեւնոյն ժամանակ շատ մեծ հնարաւորութիւններ:

«Մենք պէտք է հետեւողականօրէն եւ համբերատար աշխատենք, որպէսզի վտանգները կառավարենք, իսկ հնարաւորութիւններն ընդգծենք եւ կարողանանք ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ թւում՝ Սիւնիքի մարզի հետագայ բնականոն զարգացմանը», – կառավարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` նշած է վարչապետը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ մարզէն ներս լայն թափով կ’իրագործուի այլընտրանքային ճանապարհներու շինարարութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Հիւսիս-Հարաւ ծրագրի իրագործման, Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` կ’աշխատին մասնաւորապէս, Սիսիան-Քաջարան եւ Քաջարան-Ագարակ հատուածներու շինարարութեան ուղղութեամբ: Ան յոյս յայտնած է, որ այդ գործընթացը կը մեկնարկի 2022-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment