Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 44-օրեայ Պատերազմի Հետեւանքով Հայկական Կողմի Զոհերու Թիւը 3808 Է

44-օրեայ Պատերազմի Հետեւանքով Հայկական Կողմի Զոհերու Թիւը 3808 Է

by MassisPost

Քննչական կոմիտէն նոր վիճակագրութիւն հրապարակած է, որու համաձայն 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած է 3808 զինծառայող եւ քաղաքացիական անձ։

Միեւնոյն ժամանակ, զոհուածներու եւ անհետ կորածներու հարցերով զբաղող կոմիտէն նշած է, որ դատական ծինական փորձաքննութեամբ նոյնականացուած է 1417 մարմին կամ մասունք։ Անցեալ ամիսներուն արտերկիր ուղարկուած է 100 փորձանմուշ, որոնցմէ չեն նոյնականացուած 5-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment