Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահը Հանդիպած Է Քաթարի Պետութեան Էմիր, Շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիին Հետ

ՀՀ Նախագահը Հանդիպած Է Քաթարի Պետութեան Էմիր, Շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիին Հետ

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Քաթարի Պետութիւն գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Քաթարի Պետութեան էմիր, շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիին հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:

Նշուած է, որ բարի գալուստ մաղթելով Հայաստանի նախագահին՝ Քաթարի էմիրը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ ձեւաւորուած փոխվստահութեան մթնոլորտը եւ կառուցողական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահի հետ իր ջերմ յարաբերութիւնները։

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը հետաքրքրուած է տարբեր ոլորտներու մէջ Ծոցի երկիրներու հետ համագործակցութեան խորացմամբ, եւ այդ շրջագիծին մէջ Քաթարը մեր երկրի կարեւոր գործընկերներէն է:

Հայաստանի նախագահը տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի իրավիճակի, առկայ մարտահրաւէրներուն, մասնաւորապէս, մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ:

Հայաստանի նախագահն ու Քաթարի էմիրը ընդգծած են երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման ու ամրապնդման՝ երկուստեք պատրաստակամութիւնը: Անոնք անդրադարձած են նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, որոնց իրագործումը դանդաղած էր «Քորոնա» ժահրի համավարակի եւ պատերազմի հետեւանքով, եւ ընդգծած անոնց հնարաւորինս արագ կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցները նշած են, որ երկու երկիրները կրնան առաջ մղել իրենց յարաբերութիւնները յատկապէս տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու, գիտակրթական նորարարութեան, դրամատնային, զբօսաշրջութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու ոլորտներուն մէջ։

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստան կը ձգտի դառնալ բարձր ճարտարագիտութեանց եւ նորարարութիւններու առաջատար երկիր: Այդ ծիրէն ներս ան անդրադարձած է ATOM նախագահական նախաձեռնութեան, որու նպատակն է Հայաստանի մէջ զարգացնել նորագոյն ճարտարագիտութիւնները եւ արհեստական բանականութիւնը, եւ նշած, որ Քաթարը եւս կրնայ կարեւոր գործընկեր ըլլալ այս ծրագրին մէջ:

Նշելով, որ տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստանը ունի ներդրումային մեծ հնարաւորութիւններ, նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս ըսած է.

«Մեզ համար ողջունելի կը լինի Քաթարի ընկերութիւնների հետաքրքրութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտների հանդէպ, պատրաստ ենք աջակցել հաւանական ներդրողներին: Արհեստական բանականութիւնը, գիտութիւնը, ֆինանսապանքային համակարգը, կրթութիւնն ու մշակոյթն այն ոլորտներն են, որտեղ մեր համագործակցութիւնը կարող է աւելի խորանալ»:

Հանդիպման խօսուած է նաեւ «Պարտք՝ ի նպաստ կլիմայի» ծրագրի ծիրէն ներս համագործակցութեան մասին:

Հայաստանի նախագահը եւ Քաթարի էմիրը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment