Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն-Փութին Հեռակայ Խօսակցութիւնը Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը

Պայտըն-Փութին Հեռակայ Խօսակցութիւնը Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը

by MassisPost

Վերջին շաբաթներուն Արեւմտեան երկիրները` գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներուն, ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Ռուսաստան կը պատրաստուի ներխուժելու Ուքրանիա ու այդ նպատակով զինուորական մեծ կուտակումներ կը կատարէ երկու երկիրներու սահմանին: Արեւմուտքը զգուշացնելով կը յայտարարէ թէ, նման զարգացումներու պարագային պատրաստ է կիրարելու շատ աւելի  խիստ պատժամիջոցներ` Ռուսաստանի դէմ:

Կացութիւնը մեղմելու նպատակով Դեկտեմբեր 7-ին, հեռակայ կապով խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ժոզէֆ Պայտընի եւ Ռուսաստանի ղեկավար` Վլատիմիր Փութինի միջեւ, որու աւարտին իւրաքանչիւր կողմ հանրայնացուց  բանակցութեան բովանդակութիւնը` ծանրանալով  իը կողմի արտայայտած տեսակէտներուն վրայ:

Ըստ Ամերիկեան կողմին, նախագահ Պայտըն ըսած է թէ, ինք պատրաստ է ընելու այն ինչ, որ չեղաւ 2014 թուականին` Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի գրաւումէն ետք: Խօսքը անշուշտ տնտեսական այնպիսի պատժամիջոցներու մասին է, որոնք  կրնան կաթուածահար ընել Ռուսաստանի տնտեսութիւնը: Առնուազն այդպէս կը խորհին Արեւմուտքի մէջ:

Ռուսական կողմը յայտարարեց, որ նախագահ Փութին մերժած է Պայտընի մեղադրանքները ու ըսած է թէ Արեւմուտքն է որ, կը հրահրէ իրավիճակը տարածաշրջանէն ներս` բարձրացնելով ռազմական կարողութիւնները: «Դուք կը մտահոգուիք ձեր սահմաններէն հազարաւոր քիլոմեթրներ անդին կատարուող իրադարձութիւններով, սակայն անոնք տեղի կ°ունենան ճիշդ մեր սահմանին», ըսած է նախագահ Փութին:

Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով Ռուսաստանի գլխաւոր մտահոգութիւնը կապուած է Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ի ուխտին անդամակցութեան հետ, որուն կը ձգտի այդ երկիրը, իսկ ՆԱԹՕ-ն առայժմ կը խուսափի այդ քայլին դիմելէ: Մոսկուայի բոլոր քայլերը ներկայիս կը միտին արգիլելու զինուորական այդ դաշինքի յայտնուիլը իր սահմանին մօտ: Ռուսական կողմը միշտ կը յիշեցնէ, որ Վարշաւիոյ Ուխտի փլուզումէն ետք, Արեւմուտքը խոստացած էր ՆԱԹՕ-ն չտարածել դէպի Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, սակայն հետագային դրժելով այդ հաւաստիացումը, իր կազմէն ներս առած էր շարք մը երկիրներ` մօտենալով Ռուսաստանի սահմանին:

Այս առնչութեամբ Հայութեան համար տակաւին անհասկանալի ու անբացատրելի կը մնայ Ռուսաստանի սերտ յարաբերութիւնը ՆԱԹՕ-ի մէկ այլ անդամ երկրի` Թուրքիոյ հետ: Պատմականօրէն  Ռուսաստանն ու Թուրքիան գտնուած են հակադիր դիրքերու վրայ` իրար դէմ մղելով բազմաթիւ պատերազմներ: Այդ երկու երկիրներու միջեւ հարիւրամեակներու հակադրութիւնը չի կրնար  180 աստիճան փոփոխութեան ենթարկուիլ, որքան ալ որ փորձէ Ռուսաստանը: Թուրքիոյ հետ ներկայ կապերը հիմնուած են մէկ անձի` Էրտողանի վարած երկդիմի քաղաքականութեան վրայ եւ պաշտօնէն անոր հեռացումէն ետք, որեւէ երաշխիք չկայ որ անոր յաջորդները պիտի շարունակեն Ռուսաստանի հետ սերտացման քաղաքականութիւնը:

Այդ տարածաշրջանէն ներս Ռուսաստանի միակ վստահելի դաշնակիցը կը մնայ Հայաստանը, նկատի առնելով որ Վրաստան եւս կը ձգտի անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին:

Պայտըն-Փութին այս խօսակցութենէն ետք, ինչպիսի զարգացումներ տեղի կ’ունենան եւ ինչքանով կ’ազդեն իրավիճակի մեղմացման վրայ կը մնան հարցական: Մինչ այդ, Ռուսաստանի վարած արտաքին քաղաքականութիւնը կովկասեան տարածաշրջաէն ներս` կարիք ունի վերահաշուառման:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment