Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Համահեղինակ, Ծագումով Թուրք Օզտեմիրը` Գերմանիոյ Գիւղատնտեսութեան Նախարար

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Համահեղինակ, Ծագումով Թուրք Օզտեմիրը` Գերմանիոյ Գիւղատնտեսութեան Նախարար

by MassisPost

Գերմանիոյ նոր կառավարութեան գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը կը գրաւէ Ճէմ Օզտեմիրը՝ դառնալով դաշնային կառավարութեան ներգաղթեալի անցեալ ունեցող առաջին նախարարը։

Ծագումով թուրք քաղաքական գործիչը Կանաչներու կուսակցութեան առաջնորդներէն է, ծնած է 1965-ին անատոլիական Թոքաթ քաղաքը։ 60-ականներու վերջաւորութեան ան ծնողներուն հետ փոխադրուած է Գերմանիա եւ համալսարանական կրթութիւն ստանալէն յետոյ սկսած է զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

Օզտեմիրը Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւի համահեղինակներէ է, 2015 թուականին Մեծ Եղեռնի 100-աեայ տարելիցի նախօրէին Երեւան էր, ուր այցելած էր նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Գերմանացի քաղաքական գործիչը յայտնի է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի հասցէին կոշտ քննադատութեամբ։

Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումէն յետոյ Էրտողան գերմանաբնակ թուրքերուն կոչ ըրած էր առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն չքուէարկելու Օզտեմիրի կուսակցութեան օգտին՝ քաղաքական ուժի ներկայացուցիչները որակելով «Թուրքիոյ թշնամիներ»: «Եթէ Էրտողանը խորհուրդ չի տար քուէարկել մեր օգտին, կը նշանակէ, որ ճիշդ ուղիի վրայ ենք: Մեզ համար պատիւ է այդ ցուցակին վրայ ըլլալը»,- ի պատասխան յայտարարած էր Օզտեմիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment