Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Ընդունած Է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Գլխաւոր Քարտուղարը

Վարչապետը Ընդունած Է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Գլխաւոր Քարտուղարը

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Ճականաթ Չափակայինը:

Վարչապետը կարեւորած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հետ շարունակական գործուն համագործակցութիւնը՝ մարդասիրական եւ մարդկային շարք մը խնդիրներու լուծման գործով: Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, ընդգծած է Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով այնտեղ ստեղծուած մարդասիրական շարք մը խնդիրներու փաստը եւ անոնց կարգաւորման ուղղութեամբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործուն ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը աւելցուցած է, որ պատերազմէն յետոյ մինչ օրս Ատրպէյճան կը շարունակէ չկատարել 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ ընդգծած միջազգային կառոյցներու համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը՝ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձի ապահովման գործով:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Ճականաթ Չափակային նշած է, որ ՀՀ կառավարութեան հետ ձեւաւորուած է արդիւնաւէտ եւ սերտ համագործակցութիւն ու աւելցուցած, որ կոմիտէն աշխուժօրէն պիտի շարունակէ ջանքերը՝ նպաստելու մարդասիրական տարբեր խնդիրներու լուծման:

Հանդիպման քննարկուած են նաեւ կոմիտէի կողմէ Հայաստանի մէջ իրագործուող մարդասիրական ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment