Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանը Կարեւորած Է Սահմանին Լարուածութեան Նուազեցումը Եւ Սահմանազատման, Ապա Գծման Շուտափոյթ Մեկնարկը

Ռուսաստանը Կարեւորած Է Սահմանին Լարուածութեան Նուազեցումը Եւ Սահմանազատման, Ապա Գծման Շուտափոյթ Մեկնարկը

by MassisPost

Եռակողմ յայտարարութեան միջնորդ Ռուսաստանը փաստաթուղթին ստորագրութենէն մէկ տարի անց կարեւորած է ատրպէյճանա-հայկական սահմանին լարուածութեան նուազեցումը եւ սահմանազատման, ապա գծման շուտափոյթ մեկնարկը։ Մոսկուան պատրաստակամութիւն  ցուցաբերած է անհրաժեշտ խորհրդատուական աջակցութեան։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերը առաջին հերթին տարածաշրջանի ընկերա-տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման շրջածիրէն ներս։

Ռուսական Արտաքին գերատեսչութիւնը բարձր գնահատած է ապաշրջափակման հարցով փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնն ու անհրաժեշտ համարած շահերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած յստակ նախագիծերու շուտափոյթ գործարկումը, «որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի տնտեսական եւ փոխադրային ներուժի դրսեւորման»։

Ի դէպ, Մոսկուան Նոյեմբեր 9-ին յայտնած է, որ այս պահու դրութեամբ որեւէ փոխըմբռնում չկայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպման ժամկէտներու հարցով, թէեւ աւելի վաղ, Քրեմլինը այս շաբթուայ սկիզբը Ալիեւ-Փաշինեան-Փութին եռակողմ տեսակապով համաժողովի հնարաւորութեան մասին կը յայտնէր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment