Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ’ընէ Աշխուժացնելու ԼՂ Խնդիրի Համապարփակ Կարգաւորման Ջանքերը, Անոնց Կարգին՝ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Հովանիի Ներքոյ

Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ’ընէ Աշխուժացնելու ԼՂ Խնդիրի Համապարփակ Կարգաւորման Ջանքերը, Անոնց Կարգին՝ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Հովանիի Ներքոյ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կոչ կ’ընէ աշխուժացնելու ԼՂ խնդիրի համապարփակ կարգաւորման ջանքերը,  ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ:

Պաշտօնական Ուաշինկթընը յորդորած է Պաքուն եւ Երեւանը շարունակել եւ աշխուժացնել իրենց ներգրաւուածութիւնը, անոնց կարգին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող կամ անոր հետեւանք բոլոր չլուծուած խնդիրներուն համապարփակ լուծումներ գտնելու համար։ Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման առաջին տարուայ կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան խօսնակ՝ Նէտ Փրայսի յայտարարութեամբ։

«Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային հանրութիւնը նշած են Հարաւային Կովկասի հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերու միջեւ 44-օրեայ բուռն մարտերուն վերջ դրած հրադադարի յայտարարութեան առաջին տարին։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անցեալ տարուայ մարտական գործողութիւններու ընթացքին զոհուածներու եւ վիրաւորուածներու ընտանիքներուն», – յայտարարած է Պետական քարտուղարութիւնը՝ կոչ ընելով վերադարձնելու բոլոր մնացեալ պահուող անձերը, ապահովելու անհետ կորածներու լիարժէք հաշուառումը, տեղահանուած անձերու՝ իրենց տուները կամովին վերադարձը, հակամարտութեան տարածքներուն համապարփակ մարդասիրական ականազերծումը, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու հասանելիութիւնը կարիք ունեցողներուն։

«Կոչ կ’ընենք նաեւ հետաքննութիւն իրականացնել մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու վերաբերեալ պնդումներու հետ կապուած», – ըսուած է Նէտ Փրայսի յայտարարութեամբ։

Պետական քարտուղարութիւնը հաւաստիացուցած է, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնայ Հարաւային Կովկասի անվտանգ, կայուն, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի ապահովման։

Նէտ Փրայսը նշած է նաեւ, որ ներկայիս տարածաշրջան է ԱՄՆ–ի պետական քարտուղարի փոխտեղակալ՝ Էրիքա Օլսընը՝ բոլոր երեք երկիրներու հետ երկկողմանի հարցեր քննարկելու եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment