Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերը Ամէն Օր Կ’աւելնան

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերը Ամէն Օր Կ’աւելնան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 2 հազար 603-ով՝ հասնելով 288 հազար 906-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 32 դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Վերջին շաբաթներուն «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու շեշտակի յաւելումի հետեւանքով առողջապահական համակարգը յայտնուած է գերծանրաբեռնուած վիճակի մէջ. անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին միայն աւելի քան 2600 նոր դէպք հաստատուած է, ամէն օր քանի մը տասնեակ մարդ կը մահանայ ժահրէն, այս պահուն մօտ 800 մարդ կը սպասէ հիւանդանոցի իր հերթին։

Հիւանդներու վիճակի գնահատման ու ուղղորդման երեւանեան  կեդրոնէն ներս հեռախօսները չեն  դադրիր, օրական հարիւրաւոր կանչեր կը ստանան։ Քովիտով հիւանդներուն սպասարկող բոլոր կազմերը գործի մէջ են։

Թթուածինի կարիք ունեցող ու հիւանդանոց չփոխադրուած հիւանդներուն տան մէջ օգնութեան կը հասնին շտապ օգնութեան կազմերը, որոնք թթուածինի տակառներ կը տրամադրեն մարդոց, մինչեւ հիւանդանոցները տեղ պարպուի։

«Գիշերներն էլ են զանգում, ցերեկներն էլ են զանգում ժողովուրդը, մարդիկ տների մեջ խեղդւում են, միակ օգնող ուժը մենք ենք», – ըսաւ Շտապ օգնութեան աշխատակիցներէն մէկը։

Շտապ օգնութեան կազմը այսօր՝ Հոկտեմբեր 21-ին «Ազատութիւն»ի նկարահանման պահուն տարեց կնոջ հիւանդանոց հասցուց, ըստ բժիշկներուն, վիճակը ծանր է՝ թոքաբորբ ունի, արեան մէջ թթուածինի մակարդակն ալ ցած էր։

Բժիշկները դեռ ամբողջ օր մը պիտի աշխատէին, յաջորդիւ բազմաթիւ այլ կանչեր կային, տեսախցիկի այն կողմը վարորդը  յուզուած էր՝ օրերս ծանր վիճակի մէջ գտնուող 2 ամսական երեխայ տեղափոխած էր։

Առողջապահական համակարգի ծանրաբեռնուածութեան զուգահեռ հայաստանցիներու նոյնիսկ 20 տոկոսը չէ պատուաստուած, իսկ փակ վայրերուն, օրինակ, հանրային փոխադրակառքերուն մէջ կամ առեւտուրի կեդրոնները քիչերը դիմակ կը կրեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment